ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՅՈՌԵՏԵՍ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս յայտարարեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը մօտաւոր ապագային չ՚աւարտիր։ Ուաշինկթընէն այս յայտարարութիւնը հնչեց՝ Քիեւի հետ ընտիր մետաղներու շուրջ ստորագրուած համաձայնագրէն անմիջապէս վերջ։ Վենս յիշեցուց, որ հակամարտութիւնը կը մոլեգնի արդէն աւելի քան երեք տարիէ ի վեր։ Փոխ-նախագահը դիտել տուաւ, որ Սպիտակ տան վարչախումբի այժմու հիմնական հարցն է՝ գտնել Մոսկուային եւ Քիեւին աջակցելու ձեւ մը հակամարտութեան վերջ դնելու, ոսկէ միջինը գտնելու նպատակով։ «Սակայն, վերջնական որոշումը պէտք է առնեն Ռուսաստանը եւ Ուքրայնան։ Միայն անոնք կրնան համաձայնիլ եւ դադրեցնել այս դաժան պատերազմը», ըսաւ ան։

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025