ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի նորանշանակ ներկայացուցիչ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւատարմագրի յանձնման արարողութեան յաջորդած առանձնազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերուն։ Պարոյր Յովհաննիսեան ներկայացուց տարածաշրջանէ ներս տեւական կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Հայաստանի հետեւողական ջանքերուն։ Ան մասնաւորապէս նշեց Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի բովանդակութեան արդէն պատրաստ ըլլալը։ Դեսպան Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ այդ փաստաթուղթի անյապաղ ստորագրումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Պարոյր Յովհաննիսեան ընդհանուր քարտուղարի նկատառման յանձնեց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրականացման նշանակութիւնը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխկապակցուածութեան եւ ենթակառուցուածքներու ամբողջ ներուժի բացայայտման առումով։
Պարոյր Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Երեւան հետամուտ է ՄԱԿ-ի հետ յարաբերութիւններու հետեւողական ընդլայնման։