ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍԿՍԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ապ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Ե­րէկ այս ա­ռու­մով տե­ղի ու­նե­ցան կա­րե­ւոր նո­րու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը սկսան ռմբա­կո­ծում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս։

Օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցա­յին խոր­հուր­դը հա­ւա­նու­թիւն տուաւ, որ­պէս­զի ռու­սա­կան բա­նա­կը գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նէ Սու­րիոյ մէջ։ Յա­ջոր­դող ժա­մե­րուն սկսան ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րու ռմբա­կո­ծում­նե­րը, Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի ալ պա­հան­ջով։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ Սու­րիոյ մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան թի­րախ­նե­րուն դէմ կան­խար­գե­լիչ յար­ձա­կում­ներ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն ռու­սա­կան զօր­քե­րը։ Փու­թին շեշ­տեց, թէ ի­րենք Է­սա­տին պի­տի զօ­րակ­ցին օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րով եւ  ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ պի­տի չըլ­լան։ Հարկ է նշել, որ ռու­սա­կան զօր­քե­րը ա­ռա­ջին ռմբա­կո­ծում­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հոմ­սի մեր­ձա­կայ­քին։

Ա­ւե­լի ուշ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ի­րա­ւա­սու­նե­րէն մին յայ­տա­րա­րեց, թէ Ռու­սաս­տան կը ռմբա­կո­ծէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն դուրս թի­րախ­ներ։

Միւս կող­մէ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Նիւ Եոր­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ՄԱԿ-ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Իր ե­լոյ­թին մէջ վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիոյ ճամ­բար­նե­րէն ներս ներ­կա­յիս կ՚ապ­րի 2 մի­լիոն սու­րիա­ցի եւ Սու­րիոյ առ­կայ ճգնա­ժա­մին շրջագ­ծով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վի­ճա­կի նաեւ ՄԱԿ-ին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015