ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԱՂԸ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան որդեգրած է հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն մը եւ իր յարաբերութիւնները չի կառուցեր այլ յարաբերութիւններու հաշուին։
Նիկոլ Փաշինեան վաղը պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ՝ պիտի մասնակցի 9 մայիսի մեծ զինուորական շքերթին։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, հարցում-պատասխանի ժամանակ երեսփոխան մը Նիկոլ Փաշինեանին հարց տուաւ, թէ արդեօք այս այցելութիւնը կրնա՞յ վնասել Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու ընթացքը։ Վարչապետը ի պատասխան ըսաւ. «Մենք հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւն որդեգրած ենք։ Եւ այդ քաղաքականութեան մէջ չի մտներ ամենեւին, որ մենք մէկ ուղղութեամբ մեր յարաբերութիւնները կառուցենք ի հաշիւ մեր այլ յարաբերութիւններու։ Առաւել եւս այդ քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ երբեք չէ եղած, որ մենք Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները չզարգացնենք եւ չխորացնենք։ Ինծի համար այդքան ալ հասկնալի չեն այդ մեկնաբանութիւնները»։
Մինչ Փաշինեան վաղը Մոսկուա պիտի մեկնի՝ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին առթիւ նախատեսուած աւանդական մեծ զինուորական տողանցքին համար, երէկ, Պաքուէն հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի չմասնակցի այդ արարողութեան։