«ՄԱՐԱԼ»Ի ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ԵՒ ՀԻՄՆԱԴՐԻՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ մագնիսացուց համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի առընթեր Ֆուլիայի «Սիւլէյման Սեպա» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Գեղարուեստասէրները ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրահը, ուր «Մարալ»ի թէ՛ բուն կազմը եւ թէ մանկապատանեկան կազմը հանդէս եկան մեծ յաջողութեամբ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ համոյթը անգամ մը եւս գեղարուեստասէր շրջանակները հմայեց՝ իր որակով ու մակարդակով։
Համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակի յոբելեանին ձօնուած էր այս երեկոյթը, որ, միեւնոյն ժամանակ, երախտագիտութեան տուրք մըն էր «Մարալ»ի հիմնադիր Պենոն Գուզուպաշի նկատմամբ՝ մահուան 40-րդ տարելիցին առթիւ։
Ձեռնարկի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ համոյթի մասին՝ մասնաւորապէս ընդգծելով «Մարալ»ի հասած կէտին վրայ Կարպիս Չափքանի դերակատարութեան նշանակութիւնը։