ԿԱՆԱՆՑ ՑՈՅՑ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ
«Ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի ազգային օրը» երէկ նշուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցոյց մը։ Իգական սեռի ընտանեկան մթնոլորտին մէջ դիմագրաւած դժուարութիւններուն վերաբերեալ լոզունգներով եւ բացատրութիւններով թուղթեր կամ բացիկներ թողուեցան հրապարակի հիմնական մայթին վրայ՝ անոնց վրայ կանանց կօշիկներու զետեղմամբ։ Խումբ մը ցուցարար կանայք կը կրէին նաեւ պաստառներ՝ նոյնպէս ահազանգելով իգական սեռի դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ։
Այս ուշագրաւ ու հետաքրքրաշարժ ցոյցը արժանացաւ մայրաքաղաք Երեւանի բնակիչներու եւ զբօսաշրջիկներու անմիջական ուշադրութեան՝ ազդու ձեւով հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերելով կանանց հիմնախնդիրները։