ԵՐԿՈՒՍՏԵՔ ԿԱՄՔ
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ «Թեհրանի երկխօսութեան ֆորում 2025» ին։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին, հարցում-պատասխանի ձեւաչափի մէջ ան խօսեցաւ Երեւանի արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան բազմազանեցման մասին։ Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստան բոլորին հետ կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները՝ չբացառելով որեւէ երկիր կամ պետութիւն։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ նաեւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք զարգացման հունի մէջ են ու կը խոստանան նոր հնարաւորութիւններ։ Թեհրանի երկխօսութեան ֆորումին Արմէն Գրիգորեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն մասին։ Ան ընդգծեց Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման տեսանկիւնէն։
Արմէն Գրիգորեան, ֆորումին մասնակցելու առընթեր, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Թեհրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի, արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի, ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի, նաեւ երկրի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական ու արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քեմալ Խարազիի հետ։
Արմէն Գրիգորեան Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգազման թափը, աշխուժացած փոխադարձ այցելութիւններով հանդերձ։ Իրանի նախագահը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցեց իր ջերմ ողջոյնները։
Արաղչիի հետ հանդիպման ընթացքին Գրիգորեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններու շուրջ՝ հայկական կողմի գործադրած ջանքերով հանդերձ։ Այս համատեսքին մէջ կարեւորուեցաւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Արաղչի ընդգծեց Իրանի յստակ դիրքորոշումն ու աջակցութիւնը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան ի նպաստ։ Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակին՝ ընդգծելով կայուն ու յարատեւ խաղաղութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը։
Թեհրանի մէջ Արմէն Գրիգորեանի եւ Ալի Աքպար Ահմատիանի հանդիպումը տեղի ունեցաւ աշխատանքային ընթրիքի սեղանի շուրջ։ Անոնք գոհունակութեամբ ընդգծեցին յաճախակի դարձած փոխադարձ այցելութիւններու կարեւորութիւնն ու անոնց նպաստը երկկողմանի բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացման։ Գրիգորեան եւ Ահմատիան անդրադարձան Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրավիճակին եւ կարեւորեցին տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու դիմակայման ուղղութեամբ համատեղ ջանքերու գործադրութեան շարունակականութիւնը։ «Իրան թոյլ չի տար, որ թշնամիները խաթարեն Հայաստանի հետ իր ռազմավարական յարաբերութիւնները», ըսաւ Ահմատիան։
Գրիգորեան-Խարազի տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերը։ Կողմերը ընդգծեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները շեշտեցին, որ գոյութիւն ունի երկուստեք կամք, պատրաստակամութիւն՝ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւններու արժեւորման համար։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Նկատի ունենալով, որ Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ այս շրջանին միջուկային օրակարգի հարցերուն շուրջ բանակցութիւնները խտացած են՝ երկու նախարարները անդրադարձան այդ գործընթացի թեւակոխած փուլին։