ՎԱՉԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ 60 ՄԻԼԻՈՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ՊԻՏԻ ՆԵՐԴՆԷ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՆԴՈԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

Սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Վա­չէ Մա­նու­կեան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան եւ նոյն օ­րե­րու միւս ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Մինչ այդ, Վա­չէ Մա­նու­կեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Աբ­րա­հա­մեան-Մա­նու­կեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուած են ներդ­րու­մա­յին զա­նա­զան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, ինչ­պէս նաեւ բա­րե­գոր­ծա­կան շարք մը նա­խագ­ծեր ի­րա­կա­նաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Այս տե­սակ­ցու­թե­նէն վերջ, Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ե­րէ­կուան նիս­տին ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Ե­րե­ւա­նի «Վազ­գէն Սարգսեան» փո­ղո­ցի թիւ 3 հաս­ցէին Վա­չէ Մա­նու­կեան պի­տի կա­ռու­ցէ պան­դո­կի մեծ հա­մա­լիր մը, որ պի­տի ընդգր­կէ բազ­ման­պա­տակ շէնք մը։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­ւա­նու­թիւն տուաւ այս ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րին։ Կա­րե­ւո­րե­լով ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մը՝ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ընդգ­ծեց, որ այդ տա­րած­քը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը հան­դի­սա­նար Վա­չէ Մա­նու­կեա­նի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն այն­տեղ ո­րե­ւէ կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք չէր ի­րա­կա­նա­ցուած։ Աբ­րա­հա­մեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Վա­չէ Մա­նու­կեա­նի հետ ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է, որ­պէս­զի շուրջ 60 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի մա­կար­դա­կով ներդ­րում մը կա­տա­րուի այն­տեղ։ Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, նոր հիւ­րա­նո­ցին շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի սկսին յա­ջորդ տա­րի։

«Այս ծրա­գի­րը մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է՝ նաեւ տնտե­սա­կան աշ­խու­ժու­թեան տե­սա­կէ­տէ», ը­սաւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015