ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Պոլ­սա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ե­րէկ ջերմ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նո­րօրհ­նեալ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի վե­րա­բեր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։ Գում­գա­բուի մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ հո­գե­ւոր մեծ ցնծու­թիւն մը, որ ա­լիք-ա­լիք տա­րա­ծուե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մօտ։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ գլխա­ւո­րեց «Հրա­շա­փառ»ի թա­փօ­րը, ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նէն մեր հա­մայն­քին փո­խան­ցեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին օրհ­նու­թիւն­ներն ու ջերմ ող­ջոյն­նե­րը։ Բո­լո­րը խոր յու­զու­մով լսե­ցին նաեւ «Էջ Միա­ծինն ի Հօ­րէ» շա­րա­կա­նին եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը։

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ա­ռըն­թեր հա­մայն­քա­յին բազ­մա­թիւ վա­րիչ­ներ եւս ներ­կայ էին ա­րա­րո­ղու­թեան եւ հե­տե­ւե­ցան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի քա­րո­զին։ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­լէ վերջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յի­շե­ցուց, թէ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եր­րորդ ան­գամ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւն կա­տա­րած է իր գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նին։ Այդ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն ա­ռա­ջի­նին յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մաս­նակ­ցած էր Տ. Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քը, երկ­րոր­դին՝ հո­գե­լոյս Տ. Շա­հան Արք. Սվա­ճեա­նը, իսկ այս վերջ­նոյն մաս­նակ­ցե­լու պա­տի­ւը վի­ճա­կած էր ի­րեն։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց, որ այս տա­րի կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը իս­կա­պէս կը տար­բե­րէր նա­խորդ­նե­րէն՝ մաս­նա­կից ուխ­տա­ւոր­նե­րու հոծ քա­նա­կու­թեան ա­ռու­մով։ Ան յի­շե­ցուց Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ կը խորհր­դան­շէ Սուրբ Հո­գին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը թե­լադ­րեց հա­ւա­տա­րիմ մնալ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի մի­ջո­ցաւ փո­խան­ցուած շնորհ­նե­րուն։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­լու ա­ռըն­թեր Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նշեց, թէ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը անդ­րա­դար­ձած է պոլ­սա­հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թեան, ա­ւան­դա­պա­հու­թեան ու խոր հա­ւատ­քին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաղ­թած է, որ մեր հա­մայն­քը մնայ նոյն պատ­նէ­շին վրայ ու շա­րու­նա­կէ ա­պա­ւի­նիլ Աս­տու­ծոյ։

Ջրօրհ­նէ­քէն եւ քա­րո­զէն վերջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ար­տա­սա­նեց Պահ­պա­նիչ ա­ղօթ­քը եւ այս կարճ ժա­մա­սա­ցու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ ներ­կայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ եւ հո­գե­ւոր շնորհ­նե­րու մէջ ա­ռա­տա­նա­լու հա­ւատ­քով ու յոյ­սով մօ­տե­ցան Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով օրհ­նուած ջու­րին։ Մինչ այդ, կազ­մուած թա­փօ­րը շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի խորհր­դա­րան։ Թա­փօ­րի սկիզ­բին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան կը կրէր նո­րօրհ­նեալ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով լի սրուա­կը, որ ծած­կուած էր շղար­շով մը։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին նաեւ նո­րաօծ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի սրուա­կին առ­ջեւ։

«Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր հայ­րերն ու քա­հա­նա­յից դա­սը բա­րի վե­րա­դարձ մաղ­թե­լով ող­ջու­նեն Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լէ վերջ քա­ղաքս վե­րա­դար­ձած Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը եւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նը։

Այս յատ­կան­շա­կան օ­րուան առ­թիւ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւագ խո­րա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ նկա­րա­հա­նում։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2015