ՍԻՐՈՅ ԳԻՐՔԸ

Թանկագին տիկնոջս՝ Պալքիսին, կեանքի ընկերոջս եւ բանաստեղծութեան ընկերոջս:
Նիզար

-1-

Ո՜վ իմ կանաչ թռչուն, 
այնքան ատեն որ սիրելիս ես,
ուրեմն…, Աստուած երկինքի մէջ է:

-2-

Սիրելի՛ս, կը հարցնես ինծի.
Ի՞նչ է տարբերութիւնը երկինքին եւ իմ միջեւս.
ձեր երկուքին տարբերութիւնը այն է,
որ եթէ խնդացիր՝ սիրելիս,
կը մոռնամ երկինքը:

-3- 

Սէրը, սիրելիս,
գեղեցիկ ոտանաւոր մըն է՝ լուսինին վրայ գրուած:
Սէրը պատկերուած է ծառի բոլոր տերեւներուն վրայ,
Սէրը դրոշմուած է՝
թռչուններու փետուրին, անձրեւի կաթիլներուն վրայ:
Սակայն, երկրիս մէջ եթէ ոեւէ մէկ կին՝
այր մարդ մը սիրէ,
յիսուն քարով կը քարկոծուի…:

-4-

Երբ սիրոյ մէջ ինկայ՝
փոխուեցայ…
Տիրոջ Թագաւորութիւնն ալ փոխուեցաւ:
Խաւարը սկսաւ վերարկուիս մէջ քնանալ,
իսկ արեւը՝ սկսաւ արեւմուտքէն ծագիլ…:

-5-

Ո՜վ Տէր, սիրտս այլեւս բաւարար չէ,
որովհետեւ ան՝ որուն կը սիրեմ…, 
ամբողջ աշխարհին հաւասար է.
կուրծքիս մէջ ուրիշ սիրտ մըն ալ դիր,
որ աշխարհին տարածքին չափ ըլլայ:

-6-

Կը շարունակես հարցնել ինծի ծննդեանս տարեդարձին մասին.
արձանագրէ՛ մօտդ, ուրեմն, այն ինչ դուն կ՚անգիտանաս.
զիս սիրելուդ թուականը՝ ծննդեանս թուականն է:

-7-

Եթէ ճինը դուրս գար իր շիշէն
եւ ըսէր ինծի՝ հրամայէ՛,
մէկ վայրկեան ունիս
ընտրելու ինչ որ կ՚ուզես՝
զմրուխտ եւ կարմիր սուտակ,
ապա՝ առանց տատամսելու աչքերդ կ՚ընտրէի…:

-8-

Այդ սեւ աչքերդ,
այդ պարզ եւ անձրեւող աչքերդ:
Տիրոջմէս երկու բանէ զատ ոչինչ կ՚ուզեմ…
որ այս երկու աչքերը պահէ
եւ կեանքիս օրերը երկու օրով երկարէ,
որպէսզի ոտանաւոր գրեմ
այս երկու մարգարիտներուն մասին…:

-9-

Ո՜վ իմ ընկերուհիս, 
եթէ ինծի չափ խենթ ըլլայիր…,
ապա վրադ եղած ոսկեղէնները կը նետէիր,
ապարանջաներդ կը ծախէիր
ու աչքերուս մէջ կը քնանայիր:

-10-

Ձեռքերուդ մատներուն վրայ հաշուէ հետեւեալը.
առաջին՝ դուն սիրելիս ես:
Երկրորդ՝ դուն սիրելիս ես:
Երրորդ՝ դուն սիրելիս ես:
Չորրորդ, հինգերորդ,
վեցերորդ, եօթներորդ,
ութերորդ, իններորդ,
եւ տասներորդ… դուն սիրելիս ես…:

-11-

Որովհետեւ բառարաններուն բառերը մեռան,
որովհետեւ նամակներուն բառերը մեռան,
որովհետեւ հեքիաթներուն բառերը մեռան:
Սիրոյ նոր ձեւ մը կ՚ուզեմ յայտնաբերել՝
որով սիրեմ քեզ…՝ առանց բառերու:

-12-

Ես քու մասիդ անոնց չխօսեցայ…, 
բայց անոնք նկատեցին որ աչքերուս մէջ կը լուացուին:
Ես քու մասիդ անոնց չխօսեցայ…, 
բայց անոնք կարդացին քեզ մելանիս ու թուղթերուս մէջ:
Սէրը բոյր ունի…, եւ չի՛ կրնար չբուրել…,
դեղձի պարտէզներ:

-13-

Կ՚ատեմ մարդոց նման սիրել,
կ՚ատեմ մարդոց նման գրել,
կը փափաքէի որ բերանս եկեղեցի ըլլար
եւ բառերս՝ զանգեր…:

-14-

Կը բողոքեմ քեզի երկինքին,
կը բողոքեմ քեզի երկինքին:
Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս յաջողեցար մէջդ ամփոփել
աշխարհի մէջ եղող բոլոր կիները:

-15-

Սիրոյդ մէջ հալեցիր գրիչները,
կապոյտ…, եւ կարմիր…, եւ կանաչ…,
մինչեւ խօսքը վերջացաւ:
Իմ սէրս քու հանդէպդ կախեցի աղաւնիի ոտքերուն,
եւ չէի գիտեր՝ սիրելիս,
թէ սէրն ալ աղաւնիի նման կը թռչի:

-16-

Սէրդ՝ ո՜վ խոր աչքեր ունեցող,
ծայրայեղութիւն է,
միստիկականութիւն է,
պաշտամունք է:
Սէրդ մահուան ու ծնունդի նման է,
դժուար է երկու անգամ կրկնել զայն:

-17-

Քսան հազար կին սիրեցի…,
քսան հազար անգամ փորձեցի,
եւ երբ հանդիպեցայ քեզի, սիրելիս,
զգացի թէ հիմա սկսայ…:

-18-

«Լուսնի տան» մէջ սենեակ մը ամրագրեցի,
ուր, սիրելիս, շաբաթավերջը կ՚անցընենք:
Աշխարհի բոլոր հիւրանոցները չեմ հաւնիր,
հիւրանոցը՝ ուր կը սիրեմ բնակիլ՝ լուսինն է,
սակայն այնտեղ՝ սիրելիս,
առանց կնոջ հիւր չեն ընդունիր…:
Արդեօք կու գա՞ս հետս…
իմ լուսին…՝ լուսին երթալու:

-19-

Ինձմէ պիտի չփախչիս…, որովհետեւ ես քեզի համար նախատեսուած եմ…
Ինձմէ պիտի չազատիս…, որովհետեւ Աստուած է որ զիս քեզի ղրկեց…
Անգամ մը…, ականջներուդ ետեւէն կ՚ելլեմ,
եւ անգամն ալ մատներուդ փիրուզագոյն ապարանջաններէդ դուրս կու գամ:
Իսկ երբ ամառը գայ, սիրելիս,
աչքերուդ ծովակին մէջ ձուկերու նման կը լողամ:

-20-

Եթէ յիշէիր իւրաքանչիւր բառ,
որ անցնող երկու տարիներու ընթացքին արտաբերեցի,
եթէ բանայի հազարաւոր նամակները…, որ
երկու տարիներու ընթացքին գրուեցան,
ապա սիրոյ գագաթին հասած կ՚ըլլայինք,
երկու աղաւնիներ որպէս թռած կ՚ըլլային
եւ մատանին ձախ ձեռքիդ կ՚ըլլար:
Երկու մատանի:

-21-

Ինչո՞ւ…, ինչո՞ւ… այն օրուընէ երբ սիրելիս եղար,
մելանս կը փայլի…, իսկ տետրակները՝ կը կանաչին:
Իրերը փոխուեցան այն պահէն երբ սիրեցիր զիս,
եւ մանուկներու նման եղայ…, արեւուն հետ կը խաղամ:
Ղրկուած մարգարէ մըն ալ չեմ, հակառակ անոր
որ մարգարէ կ՚ըլլամ…՝ երբ քու մասիդ կը գրեմ:

-22-

Սիրեցիր զիս որպէս բանաստեղծ մը, որուն ոտանաւորները թռչեցան,
արդարեւ, փորձէ անգամ մը հասկնալ այր մարդուն,
եւ փորձէ անգամ մըն ալ հասկնալ ձանձրոյթս:
Կրնայ ըլլալ Աստուած Իր դրախտին մէջ գիտնայ ձանձրոյթը:
Ցանկութիւնս ունիմ, ինչպէս բոլոր մարդիկ իրենց ցանկութիւնները ունին,
եւ ես առասպելական տէր մը, կամ հերոս մը չեմ:

-23-

Դուն ձեռքիս երեսին փորագրուած ես…,
մզկիթի պատերուն վրայ եղած քուֆիկ տողերուն նման…:
Սիրելիս, փորագրուած ես որթատունկի փայտին
եւ նստարաններուն թեւին վրայ…:
Մէկ վայրկեան իսկ եթէ փորձես հեռանալ,
ձեռքիս ափին մէջ կը տեսնեմ քեզ…:

-24- 

Մի՛ նեղուիր…,
եթէ տիեզերագնացները վայրէջք կատարեն լուսինին վրայ,
որովհետեւ իմ աչքիս՝
ամենէն անուշիկ լուսինը պիտի մնաս…:

-25-

Երբ սիրահարուած ըլլամ
կը զգամ թէ ժամանակի տէրն եմ,
աշխարհը եւ անոր վրայ եղող ամէն բան իմս են,
եւ ձիս հեծած արեւին մէջ կը մտնեմ:

-26-

Երբ սիրահարուած ըլլամ
Պարսկաստանի շահը հպատակս կ՚ընեմ,
ինչպէս նաեւ Չինաստանը կ՚ենթրակեցնեմ գաւազանիս,
ծովերը իրենց տեղերէն կը փոխադրեմ,
եւ եթէ ուզէի՝ երկվայրկեաններն ալ կը կանգնեցնէի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025