ԵՈՒՐԻ ՃՈՐՔԱԵՒ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ՕՐ ՄԸ ԳԼԽԱՒՈՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
Ֆրանսահայ յայտնի ֆութպոլի աստղ Եուրի Ճորքաեւ վերջին օրերուն ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Երեւանի մէջ։ Ֆրանսայի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին անդամներէն Ճորքաեւ Երեւանի մէջ բարեգործական ֆութպոլի մրցումի մը մաս կազմեց ու յայտնեց, թէ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ նման ձեռնարկներու նկատմամբ։ Ան ինքն ալ կը կազմակերպէ բարեգործական հանդիպումներ։ Ճորքաեւ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի կիսամարաթոնին։ Իսկ իր մասնակցած բարեգործական հանդիպումը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Մարզադաշտ դուրս եկած էին լրագրողներու Հայաստանի հաւաքականն ու «Քրետի Ակրիքոլ» դրամատան խումբը, որու կազմին մէջ էր նաեւ Ճորքաեւ։ Ծանօթ է, որ ֆրանսական այս մեծ դրամատունը մասնաճիւղ մը ունի նաեւ Հայաստանի մէջ։ Թէ՛ Ճորքաեւ եւ թէ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին աւագ մարզիչ Վարդան Մինասեան միայն 20 վայրկեան մասնակցեցան հանդիպման։
Այս առթիւ Եուրի Ճորքաեւ զրուցեց նաեւ լրագրողներու հետ եւ ըսաւ. «Հայաստան իմ նախնիներուն երկիրն է։ Իմ երակներուն մէջ կը հոսի հայկական արիւն։ Ի հարկէ, կը փափաքիմ օր մը գլխաւորել Հայաստանի ազգային հաւաքականը»։
Երեւանի մէջ ան ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը լաւ խումբ մըն է, ապագային կայուն յաջողութիւններու կրնայ հասնիլ շնորհիւ կայուն, քրտնաջան աշխատանքի եւ Հայաստանի մէջ մարզումներու համար ստեղծուած պայմաններու։ «Կարեւոր է, որ շատ երախաներ զբաղին մարմնամարզով եւ հետագային երկիրը պատուով ներկայացնեն միջազգային գետնի վրայ», ըսաւ Ճորքաեւ։