20 ՅՈՒՆԻՍԻՆ ԱՆԳԱՐԱ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ երէկ ուշագրաւ հրապարակում մը կատարուեցաւ «24 News»ի կողմէ։ Այսպէս, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորման սպասումները երկար ժամանակէ ի վեր չեն արդարանար գործնական արդիւնք ապահովելու տեսակէտէ, սակայն, այժմ արդէն գործընթացը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու հաւանականութիւնը խնդրոյ առարկայ է։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նախատեսէ յունիսի 20-ին, ուրբաթ, այցելել Անգարա, ուր պիտի ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Էրտողան եւ վարչապետ Փաշինեան պիտի քննարկեն Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Հայկական լրահոսին մէջ երէկ տեղ գտան տուեալներ, ըստ որոնց, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան մերժեց այս լուրը մեկնաբանել՝ առանց հերքելու։

Ուրբաթ, Յունիս 13, 2025