ՀԱՅԱՏԵԱՑ ԵՒ «ԵՒՐՈՊԱՄՈԼ» ՀԱՅ ԳՐՈՂԸ

Շատեր կը շեշտեն, թէ մա՛նաւանդ սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուն կենդանի պահելու համար անհրաժեշտ է դպրոցը. մինչեւ որոշ ժամանակ համամիտ էինք այս մտածումին՝ սակայն այժմ փոխուած է մեր համոզումը: Շատ անգամ օտարախօսութեան որպէս «պատճառ» կը ներկայացուի դպրոցի բացակայութիւնը. շատ մը գաղութներ զուրկ են հայկական վարժարանէ եւ հետեւաբար մանուկ-պատանիները օտար դպրոց յաճախելով՝ օտար լեզուով եւ օտարին դաստիարակութեամբ է, որ կը մեծնան: Լիովին կ՚ընդունինք այս մէկը, սակայն, կու գայ այլ մտահոգութիւն մը. այսօր կը տեսնենք, թէ օտարին լեզուով ու դաստիարակութեամբ կը մեծնան նաեւ ա՛յն գաղութներու զաւակները, որոնք ունին հայկական ամենօրեայ վարժարան: Այսօր Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունի ամենօրեայ հայկական վարժարան, սակայն, զբօսանքի պահուն բոլորը գրեթէ անգլերէն կը խօսին. անդին Քույէթի եւ կամ Լիբանանի մէջ կան նոյնպէս ամենօրեայ վարժարաններ, սակայն, հայերէն կը խօսին: 

Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ իրականութեան մէջ ամենօրեայ դպրոցը բաւարար չէ հայերէն լեզուն պահպանելու եւ հասակ առնող նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու, որովհետեւ թէ՛ Ամերիկա եւ թէ Լիբանան օտարութեան մէջ ըլլալով ունին հայկական դպրոցներ՝ սակայն աշակերտութիւնը՝ մանաւանդ մայրենի լեզուի գիտութեան մէջ նոյն վիճակը չեն ներկայացներ: Հետեւաբար օտարախօսութեան ամբաստանեալը այնքան ալ հայկական դպրոցը չէ՝ թէեւ ունի իր դերը այդ ձախողութեան մէջ:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր հիմնական ամբաստանեալը մեր կա՛մքն է, որովհետեւ մենք այսօր ունինք գրեթէ ամէն միջոց՝ սակայն կամքը կը պակսի: Անցեալին հակառակն էր. կը պակսէին միջոցները՝ սակայն կար կամքը: Այդ կամքը ո՛չ միայն գաղութները ղեկավարողներուն, այլ ծնողներու մօտ եւս կը պակսի, որովհետեւ անոնց համար մայրենի լեզուի իմացութիւնը երկրորդական եւ երրորդական մակարդակի վրայ կը գտնուի: 

Լեզուի մէջ կամքի ուժը տեսնելու համար կ՚ուզեմ օրինակ վերցնել գրող եւ բանաստեղծ Սրբուհի Տիւսաբը՝ որ մէկ բառ հայերէն չգիտնալով.... դարձաւ մեր գրականութեան առաջին կին գրողներէն մէկը: Մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 1905 թուականին Թիֆլիզի մէջ լոյս կը տեսնէր «Մուրճ» ամսագիրը. անոր 6-րդ թիւին մէջ (յունիս 1905) Արշակ Չօպանեան կը գրէ յօդուած մը՝ նուիրուած Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին: Ան իր յօդուածին մէջ կը յիշէ հետեւեալը. «Պէշիկթաշլեան հարկադրեց իրենց ծանօթ բոլոր լուսաւորչական թէ կաթոլիկ ընտանիքները անխառն հայերէն խօսելու. անոնք որոնք չէին գիտեր, սորվեցան իր շնորհիւ: Անոնք որ գիտէին, ինքզինքնին վարժեցուցին իրենց հայերէնին մէջ թրքերէն չխառնելու: Օրիորդ Վահանեան, որ յետոյ տիկին Տիւսաբ անունով հանրածանօթ դէմք մը պիտի ըլլար մեր գրականութեան մէջ, բառ մը հայերէն չէր գիտեր, երբ Պէշիկթաշլեան յարաբերութեան մտաւ Վահանեան ընտանիքին հետ. ոչ միայն հայերէն չէր գիտեր, այլ եւ ազգային զգացումէ զուրկ, զուտ եւրոպական դաստիարակութիւն մը ստացած ու «եւրոպամոլ» դարձած, կ՚արհամարհէր ու կը ծաղրէր հայերն ու իրենց լեզուն. Պէշիկթալեան զանիկա կերպարանափոխեց, անոր սորվեցուց ոչ միայն մայրենի լեզուն, այլեւ յարգանքն ու սէրն իր ցեղին, եւ անոր մէջ արթնցուց մայրենի գրականութեան ծառայելու ցանկութիւնը»:

Անշուշտ, Արշակ Չօպանեան այս մէկը իր քովէն չէր հնարեր. այդ մասին Սրբուհի Երիցեան կը գրէ Պէշիկթաշլեանի մասին իր յուշերը գրելու ժամանակ. «Փորձ» ամսագիրին մէջ (Բ. տարի, Բ. կիսամեակ). ահաւասիկ անոր տողերը. «Նոյն թաղին մէջ բնակում էր օրիորդ Սրբուհի Վահանեանը (այժմ արդէն ամուսնացած): Այդ օրիորդը իր բարեկամուհեաց շատերի նման, եթէ հայատեաց չէր, գոնէ շատ օտարասէր էր: Նա գեղեցիկ խօսում էր ֆրանսերէն, յունարէն, իտալերէն եւ անգղիերէն, հիանալի դաշնամուր էր զարնում եւ հայերէնի մասին խօսք եղած ժամանակ ծաղրում էր...»: 

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան մինակը յաջողած էր այդ «հայատեաց» աղջկան մէջ արթնցնել լեզուին եւ մայրենիին հանդէպ սէր մը՝ առանց դպրոցի: Այսօր այդ Պէշիկթաշլեանն է, որ կը պակսի մեր մէջ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ հայը մայրենի լեզուին կապելու համար դպրոցէն աւելի այդ սիրոյն, այդ կրակին կարիքը ունինք: Այդ կրակը պարտին ունենալ ծնողները, որովհետեւ եթէ այդ կրակը կայ, ապա հայերէն չգիտցողը անգամ գրող եւ վիպագիր կրնայ դառնալ: Ինչքա՜ն խոր պէտք է եղած ըլլայ Պէշիկթաշլեանի սէրը, որ յաջողած ըլլայ հայատեաց աղջկայ մը մէջ արթնցնել մայրենի լեզուի հանդէպ սէրը: Ոչինչ, այսօր օտարախօս մեր աղջիկները թող հայ վիպագիրներ չի՛ դառնան, սակայն նուազագոյնը դառնան հայախօս եւ պատմութիւնը ի՛նք կը փաստէ, որ այդ մէկը անհնարին չէ. լեզուն սորվիլը՝ մանաւանդ մայրենի լեզուի պարագային տարիք չի՛ ճանչնար, որովհետեւ սորվիլը տարիքի հետ կապ չունի. մարդ կը սորվի այն բոլորը՝ որուն հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունի: Մեր մեծահասակները մօտաւորապէս մի քանի տարիներ առաջ արդի արհեստագիտութիւնն ալ չէին գիտեր... այսօր գիտեն. լեզուն արհեստագիտութենէն դժուար բան մը չէ... պարզապէս հետաքրքրութիւն ու սէր կը պահանջէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Լեզու սորվիլը տարիք ունի՞:

Պատասխան. Լեզու սորվիլը տարիք չունի. մարդ կրնայ լեզու սորվիլ կեանքի որեւէ փուլին: Թէեւ փոքր տարիքին սորվիլը շատ աւելի դիւրին է, սակայն, մեծահասակները եւս կրնան արդիւնաւէտ ձեւով սորվիլ, մանաւանդ եթէ ունին տրամադրութիւն, հետաքրքրութիւն եւ ճիշդ մօտեցում: Տարիքը կրնայ ուսուցման ձեւը փոխել, բայց չի սահմանափակեր կարողութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025