ՀՐԱՇՔՆԵՐ

Հաւատալու շարժառիթը՝ յայտնեալ ճշմարտութիւններուն մարդկային բանականութեան լոյսին ներքին մարդուն ճշմարիտ եւ իմանալի երեւումը չէ՛։

Մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով՝ որ չի կրնար ո՛չ մոլորիլ, ո՛չ ալ մեզ մոլորեցնել։ Մենք կը հաւատանք ճշմարտութեան, որ Աստուած է։ Սակայն որպէսզի մեր հաւատքին մատուցած մեծարանքը մեր խելքին՝ բանականութեան համապատասխան ըլլայ, Աստուած կամեցաւ, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ներքին օգնութիւններուն, նպաստին զուգակցին Իր Յայտնութեան արտաքին փաստերը։ Այսպէս ուրեմն, Քրիստոսի եւ սուրբերուն հրաշքները, մարգարէութիւնները, Եկեղեցւոյ ծաւալումը եւ սրբութիւնը, անոր բեղմնաւորութիւնը եւ կայունութիւնը ամէնուն իմացականութեան եւ բանականութեան յարմարող ստոյգ նշաններ են Յայտնութեան. պատճառներ են անոր հաւատալիութեան՝ որոնք ցոյց կու տան, թէ հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին մտքի կոյր մղում մը չէ՛։

Մարդէն Աստուծոյ տրուած հաւատքի պատասխանը՝ մարդկային ըլլալու համար, պէտք է ազատակամ ըլլայ, հետեւաբար, ո՛չ ոք պէտք է հարկադրել հակառակ իր կամքին հաւատքը ընդգրկելու, արդարեւ հաւատքի արարքը իր բնոյթով կամաւոր է։

Յիսուսի խօսքերուն կ՚ընկերանան բազմաթիւ «հրաշքներ, զօրութիւններ եւ նշաններ». (ԳՈՐԾ. Բ 22), որոնք կը վկայեն, թէ Արքայութիւնը Անոր մէջ ներկայ է։ Կը հաստատեն, թէ Յիսուս աւետուած Մեսիան է. (ՂՈՒԿ. Է 18-23)։

Ան որ կը հաւատայ՝ անոր համար ո՛չ դժուարութիւն եւ ոչ ալ անկարելիութիւն կայ։

Մարկոս Աւետարանիչ կը վկայէ. «Շաբաթ օրը երբ անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն գացին խունկեր գնեցին եւ պատրաստեցին, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը։ Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան։

-Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,- կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր։

Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն գլորուած էր». (ՄԱՐԿ. ԺԶ 1-4)։

Ահաւասիկ, սիրելի՜ներ, մենք ալ երբ իւղաբեր կիներու պէս կը մտահոգ-ւինք եւ կը մտատանջուինք մեզ պատած ծանր «քար»երուն՝ նեղութիւններուն պատճառած հոգերէն, պէտք է հաւատանք՝ վստահինք եւ գիտնանք, որ կա՛յ Անձ մը՝ Աստուած, որ պիտի հասնի մեր օգնութեան՝ մեր չսպասած պահուն եւ երբ կը հաւատանք, Ան անպայմա՛ն պիտի ազատէ մեզ մեր մտահոգութիւններէն եւ մտատանջութիւններէն եւ պիտի վերցնէ այդ «ծանր քար»ը մեզմէ…

Յիսուսի Յարութիւնը կը փառաբանէ «Փրկիչ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 28) Աստուծոյ անունը, որովհետեւ այսուհետեւ Յիսուսի անունն է, որ լիուլի կը յայտնաբերէ գերապանծ զօրութիւնը այն «անունին, որ գեր ի վեր է քան ամէն անուն» (ՓԻԼ. Բ 9-10)։

Չար հոգիները կը դողան Անոր անունէն (ԳՈՐԾ. ԺԶ 16-18), (ԳՈՐԾ. ԺԹ 13-16) եւ Անոր անունով է որ Յիսուսի աշակերտները հրաշքներ (ՄԱՐԿ. ԺԶ 17) կը գործեն, քանի որ ի՛նչ որ խնդրեն Հօրմէ Անոր Անունով, Հայրը կու տայ անոնց (ՅՈՎՀ. ԺԵ 16)։

Արդարեւ, Յիսուսի անունը քրիստոնեայ աղօթքին էութիւնն է։

Շնորհքը, ընդհանուր առումով, նախ եւ գլխաւորաբար պարգեւն է Սուրբ Հոգիին, որ կ՚արդարացնէ եւ կը սրբացնէ մեզ։ Բայց շնորհքը կը բովանդակէ նաեւ այն պարգեւները՝ զորս Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի, որպէսզի կարենանք գործակցիլ Իր հետ, որպէսզի ըլլանք կարող գործակցելու նաեւ ուրիշներուն փրկութեան եւ Եկեղեցիին աճումին, որ Քրիստոսի Մարմինն է։

Ասոնք «խորհրդենական շնորհքներ»ն են, որոնք զանազան սուրբ խորհուրդներուն պարգեւներն են։ Անոնք նաեւ «յատուկ շնորհքներ»ն են, կոչուած նաեւ «պարգեւաշնորհք», ըստ Պօղոս առաքեալի կիրարկած յունարէն եզրին, եւ որ կը նշանակէ մենաշնորհ, ձրի պարգեւ, բարիք։

Ինչ որ ըլլայ անոնց երբեմն արտակարգ հանգամանքը, ինչպէս հրաշքներու կամ լեզուներու պարգեւը, պարգեւաշնորհները կարգուած են սրբարար շնորհքին համար եւ իբրեւ նպատակ ունին Եկեղեցւոյ հասսարակաց բարիքը։

Անոնք ի սպաս են սիրոյն, որ կը շինէ Եկեղեցին։ (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ)։

Ուրեմն, մեր մտահոգութիւններէն, կասկածներէն, հոգերէն փրկուելու միա՛կ միջոցն է հաւատալ եւ վստահիլ այն ճշմարտութեան, որ այն ինչ որ «անկարելի» է մեզի համար, կարելի՛ է Աստուծոյ համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 21, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2025