ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար, համայնքային գործիչ, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ արցունքներու մեծ տարափի մը մթնոլորտին մէջ։ Իր յաւիտենական հանգիստի տխուր մեկնարկին ան յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան մը վերջին յարգանքի զգացումներուն առարկայ դարձաւ։ Լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը համախմբեց համայնքային շրջանակները, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, գործարար ու մարզական աշխարհներէն դէմքեր, որոնք անկեղծօրէն վշտակցեցան իր անմխիթար հարազատներուն։
Բարեյիշատակ Տիգրան Կիւլմէզկիլի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ուր յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը գտնուի արտասահմանի մէջ՝ իր ցաւակցականը ընթերցուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի դագաղը զետեղուած էր լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմի վրայ։ Իր գլխաւորած Գարակէօզեան տան խնամակալութեան անդամները կերոնակիր էին դագաղին շուրջ՝ մինչ արարողութեան մասնակից հոծ բազմութիւնը աղօթեց ողբացեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Յուղարկաւորութենէն արձակման փուլին, դագաղին գլուխը իրերայաջորդ արտայայտուեցան Կալաթասարայ մարզակումբի նախագահ Տուրսուն Էօզպէք, նախկին նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, որոնք բիւր յարգանքով արտայայտուեցան հոգելոյս Տիգրան Կիւլմէզկիլի ծաւալած գործունէութեան եւ տասնամեակներու դերակատարութեան նշանակութեան շուրջ։
Տիգրան Կիւլմէզկիլի անշունչ մարմինը թաղումէն առաջ առաջնորդուեցաւ նաեւ Գարակէօզեան տան համալիրը, ուր տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը։ Այս հաստատութիւնը տասնամեակներ շարունակ եղած էր իր ազգային գործունէութեան հիմնական խարիսխը։ Դպրոցին մէջ բոլորը զգացուած էր՝ անմոռանալի ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը վերջին անգամ հիւրընկալելու ծանր պահուն։ Սգահանդէսի ընթացքին դամբանախօսեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան սիւներէն Գարուն Գովան, որ եղած էր հանգուցեալի լծակիցներէն ու, միեւնոյն ժամանակ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։
Այս բոլորէն վերջ, միշտ իր մեկնումի գաղափարին հետ հաշտուելու անբացատրելի դժուարութեան պայմաններուն ներքեւ, նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Մինչ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ ամփոփուեցաւ անոր անշունչ մարմինը՝ Կալաթասարայի խումբ մը մարզիկներ ակումբի դրօշը պարզեցին հողակոյտին գլուխը։
Այսպէսով, լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի երկրաւոր կեանքի եզրափակիչ փուլը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եկաւ բանալ նոր էջ մը, որ կը վերաբերի ազգի սպասաւորներուն, նուիրեալներուն նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ չթերանալու գիտակցութեան ու պատասխանատուութեան, ինչ որ հաւաքական յարատեւման գրաւականներէն մին է։