«ԻՆՉՈՒ»Ն ԱՒԵԼԻ ՎԵՐ ՔԱՆ «ԻՆՉՊԷՍ»Ը
Դարեր շարունակ բազմաթի՜ւ փիլիսոփաներ, պատմաբաններ, գրողներ ու մտաւորականներ սքանչացումով ու հիացմունքով արտայայտուած են հայ ժողովուրդի անկոտրում կամքին, տոկունութեան եւ նոյնիսկ ամենէն դժուարին պայմաններուն մէջ ապրելու բնազդին եւ յամառութեան մասին. ազգ՝ որ բազմաթիւ փորձութիւններու մէջէն անցնելով շարունակած է պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը, ինքնութիւնը: Սակայն, վստահաբար այս բոլորը ունի իր պատճառները:
Գերմանացի փիլիսոփայ Նիցչէ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ խօսելով մարդկային կեանքի, պայքարի եւ գոյատեւման մասին կ՚ըսէ. «Ով որ ունի «ինչու»ն՝ կը դիմանայ նաեւ «ինչպէս»ին»: Այս խօսքին լոյսին տակ, կարելի է վերլուծել, թէ մեր ազգը ի սկզբանէ ունեցած է «ինչու» մը, որուն համար դիմադրած ու պայքարած է ամէն «ինչպէս»ներուն եւ ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ նոյնիսկ այդ «ինչու»ին համար զոհուած ու դիմադրած է: Մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ մարդիկ «ինչպէս»ը պատճառաբանելով յաճախ հեռու կը մնան «ինչու»էն եւ այդ մէկը լոկ պատճառաբանութիւն է, որովհետեւ «ինչու»ն է, որ մարդը կ՚առաջնորդէ ինչպէսը ստեղծելու՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ճիշդ կամ սխալ ըլլայ: Այս մտածումը աւելի յստակեցնելու համար բացատրենք. պատկերացուցէք հայր մը, որուն զաւակը անօթի է եւ սովամահ. այդ հայրը պարտի իր զաւակին հաց մատակարարել, որպէսզի սովամահ չըլլայ. այս մէկը այդ հօր «ինչու»ն է եւ ինք այդ «ինչու»ին լոյսին տակ պարտի պայքարիլ եւ ստեղծել «ինչպէս» մը՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ոչ-օրինաւոր եւ գողութեան ճամբով ըլլայ, որովհետեւ հօր համար նման պայմաններու մէջ «ինչպէս»ը նշանակութիւն չունի, որովհետեւ շատ աւելի վեր ու առաջնահերթ է «ինչու»ն:
Մերօրեայ «ինչպէս»ին համար անգործութեան մատնուածներուն օրինակ տալու համար կ՚ուզեմ այստեղ յիշել Հալէպի մէջ լոյս տեսած Կրթասիրաց երկսեռ վարժարանի շրջանաւարտից միութեան ջանքերով լոյս տեսած «Կեանք» հանդէսը. վստահաբար շատեր կրնան պատկերացում մը ունենալ, որ 1930 թուականին ինչպիսի վիճակի մէջ կը գտնուէր Հալէպը. տակաւին նոր ցեղասպանութենէն ազատած հայորդիներու նոր խումբ մը՝ հազիւ աւարտած կու գար հանդէս մը հիմնելու. «Կեանք»ի առաջին թիւի «խմբագրական»ին մէջ կը յիշէ «այս անբնականոն օրերուն» արտայայտութիւնը, որովհետեւ երիտասարդները, այդ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ լաւապէս գիտակցելով գիրին ու գրականութեան կարեւորութեան, կ՚ուզէին ծնունդ տալ աշխատութեան մը՝ որուն անունը՝ «Կեանք» պատահական ընտրութիւն մը չէր։ Գիրն ու գրականութիւնն էր, որ կեանք պիտի տար հասակ առնող նոր սերունդին:
Անշուշտ, պատահական չէ, որ կը յիշենք «Կեանք» հանդէսը. հիմնական պատճառը որ այսօր կ՚ընենք անոր յիշատակումը ա՛յն է, որ երիտասարդները չունենալով տպագրելու հնարաւորութիւն եւ նիւթական կարողութիւն, կ՚որոշեն հանդէսը հրատարակել ձեռագիր տարբերակով. մի քանի տասնեակ օրինակ մէկ առ մէկ ձեռագրով գրի կ՚առնեն եւ կը բաժնեն ժողովուրդին, որովհետեւ անոնց համար «ինչպէս»ը չէր կարեւորը, այլ «ինչու»ն էր, որ երիտասարդ «խմբագիր»ը լաւագոյն ձեւով նկարագրած է իր աշխատութեան առաջին թիւին մէջ: Հանդէսին առաջին թիւը (լոյս տեսած 1929-ին, (Ա. տարի. թիւ 1) 19 էջերէ կը բաղկանայ՝ բոլորն ալ ձեռագիր եւ այս երիտասարդները մօտաւորապէս երեք տարի լոյս կ՚ընծային այս հանդէսը՝ մի՛շտ ձեռագիրով:
Շատեր նման աշխատութիւն մը ձեռնարկելու համար այսօր կը կատարեն հազար ու մէկ նիւթական հաշուարկներ, «ինչու»էն աւելի կը կեդրոնանան «ինչպէս»ին վրայ եւ այդ «ինչպէս»ին սիրոյն մի քանի տարիներ անգործութեան կը մատնեն եւ խեղդամահ կ՚ընեն «ինչու»ն, մինչեւ Հալէպի երիտասարդ շրջանաւարտները աւելի քան դար մը առաջ «ինչպէս»ը երկրորդական մտածելով կը պայքարին «ինչու»ն կենդանի պահելու համար: Ձեռագիրներէն կարելի է հասկնալ, որ մէկ հոգի չէ՛ գրի առնողը. անոնց համար գիրը՝ ձեւը եւ գեղագիտական կանոնաւորութիւնը այնքան կարեւոր չէ՝ ինչքան բովանդակութիւնը, որովհետեւ «ինչպէս»ը շատ աւելի արտաքինը կը հետաքրքրէ, իսկ «ինչու»ն ծնունդ կու տայ էութեան, բովանդակութեան եւ անոր կեանքը «ինչու»ն է, որ կ՚ապահովէ եւ ո՛չ թէ «ինչպէս»ը:
Այս երիտասարդներու լոյսին տակ եթէ լաւապէս սերտենք մեր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ մեր ժողովուրդը յաջողած է ոտքի մնալ ո՛չ թէ պայմաններու վրայ հիմնուելով եւ «ինչպէս»ները ապահովելով, այլ «ինչու»ին սիրոյն «ինչպէս»ներ ստեղծելով. մեր նախնիները հասկցած են, թէ ո՛չ «ինչու»ին համար կ՚արժէ զոհուիլ ու պայքարիլ, որ մէկին համար կ՚արժէ տառապիլ. այդ «ինչու»ն կամ «ինչու»ները իր խորքին մէջ ունեցած է եւ ունեցած են ապրելու, գոյատեւելու նախապայմաններ: Մեր ազգը այսօր նահանջի մէջ է, որովհետեւ կը կարծէ, թէ կը պակսին միջոցները, պայմանները՝ մոռնալով, որ ճշմարիտ յաղթանակը առանց միջոցներու եւ պայմաններու «ինչու»ն ապրեցնելու մէջ է եւ վիճակը, ժամանակը եւ մարդ ի՛նք է, որ կը ստեղծէ միջոցն ու պայմանը, որովհետեւ միջոցը աւելի տկար է քան նպատակը:
Մեր Զարթօնքի սերունդը պայմաններ ու միջոցներ չփնտռեց. ամենէն դժուարին պայմաններուն տակ անոնք գտան միջոցներն ու ստեղծեցին պայմանները, որովհետեւ ունէին «ինչու»՝ որուն համար պէտք էր պայքարիլ. այդ «ինչու»ին արդիւնքը մինչեւ օրս գիր ու գրականութիւն ունենալն է, մինչեւ օրս՝ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն լեզուի պահպանութիւնն է:
Սակայն այսօր «ինչու»ն կորսնցուցած է արժէքը եւ եթէ ազգ մը չունենայ ինչու՝ «ինչպէս»ը կերտելու եւ ստեղծելու մասին չի՛ մտածեր:
Երանի այն ազգին, որուն «ինչու»ն տակաւին կենդանի է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Նպատակ մը իրագործելու համար «ինչո՞ւ»ն կարեւոր է, թէ «ինչպէ՞ս»ը:
Պատասխան. Նպատակի իրագործման համար «ինչու»ն աւելի կարեւոր է, որովհետեւ նպատակի խորութիւնը ցոյց կու տայ եւ անոր շարժիչ ուժը կը հանդիսանայ: Երբ մարդ գիտէ, թէ ինչո՞ւ կ՚ուզէ հասնիլ նպատակին, աւելի դիւրին կը գտնէ ճամբան, կը յաղթահարէ խոչընդոտները եւ չի յուսահատիր: «Ինչպէս»ը կրնայ փոխուիլ, ճամբաները կրնան փակուիլ, բայց երբ «ինչո՞ւ»ն հոր է, կամքը նոր ճամբաներ կը գտնէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան