ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԱՄՐՈՑ

Այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նը մար­զա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ է. Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նէն մեծ մար­զա­կան հա­մա­լի­րը՝ Ո­ղիմ­պա­ւա­նը, ո­ր, ո­րոշ տո­ւեալ­նե­րով, ե­զա­կի կա­ռոյց մըն է ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այլ նաեւ՝ կով­կա­սեան տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ: Ան Ե­րե­ւան քա­ղա­քի ա­ռա­ջին ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­կան կեդ­րոնն է, ո­րու կա­ռուց­մա­ն նա­խոր­դած էր եր­կար նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք: Նոյն օ­րե­րուն Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­ցին աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան մար­զա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի հիմ­նադր­ման 25-ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն: 1990 թուա­կա­նին հիմ­նադ­րուած Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն ալ իր նախ­կին փոք­րիկ գրա­սե­նեա­կէն տե­ղա­փո­խուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Դա­ւի­թա­շէն հա­մայն­քին մէջ կա­ռու­ցուած նո­րա­կա­ռոյց եւ ժա­մա­նա­կա­կից շէն­քը:

Ո­ղիմ­պա­ւա­նը շուրջ 7500 քա­ռա­կու­սի մեթր մա­կե­րե­սով հսկա­յա­կան տա­րած­քի վրայ կա­ռու­ցուած հա­մա­լիր մըն է, ո­ր նա­խա­տե­սուած է ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­րիւր մար­զի­կի հա­մար: Հա­մա­լի­րիի մէջ ստեղծո­ւած են մար­զում­նե­րու հա­մար ա­մե­նէն ար­դիա­կան պայ­ման­նե­րը, ամ­բողջ ար­հես­տա­վարժ մար­զա­գոյ­քը ներ­մու­ծուած է եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէ: 2013 թուա­կա­նին մայ­րա­քա­ղա­քի հա­մե­մա­տա­բար խա­ղաղ այս շրջա­նին մէջ մեկ­նար­կած է ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւա­նի կա­ռու­ցու­մը, ո­րու հիմ­նա­կան մա­սի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը ա­ւար­տին հաս­աւ վեր­ջերս, իսկ ամ­բող­ջա­կան կա­ռոյ­ցը, որ իր մէջ պի­տի նե­րա­ռէ լո­ղա­ւա­զան եւ խա­ղահ­րա­պա­րակ­ներ, պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ 2016 թուա­կա­նին:

Կա­րե­լի է ը­սել, որ այս ա­ւա­նի կա­ռուց­մամբ Հա­յաս­տա­ը կը պատ­րաս­տուի 2016 թուա­կա­նի աշ­խար­հի Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն: Հայ­կա­կան մար­զա­կան աշ­խար­հի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յայ­տա­րա­րած են, թէ ա­մէն ինչ պի­տի ը­նեն, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­ն Ռիօ Տէ Ժա­նէյ­րո­յի մէջ 2016 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն հնա­րա­ւո­րինս շատ թի­ւով մե­տայլ­ներ նուա­ճէ:

Մի­ջազ­գա­յին մրցում­նե­րու ժա­մա­նակ հայ մար­զիկ­նե­րու՝ ոչ-բա­ւա­կան թի­ւով ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու կրկնա­պատկ­ման հա­մար իբ­րեւ ար­գելք մշտա­պէս կը նշուի Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­զա­կան ա­ւան­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Այդ­պի­սի եր­կու ա­ւան կը գոր­ծեն Ա­բո­վեան եւ Ծաղ­կա­ձոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ, սա­կայն շատ կա­րե­ւոր էր մա­նա­ւանդ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­նալ մար­զա­կան ա­ւան մը, ո­ր ա­ւե­լի հա­սա­նե­լի կ՚ըլ­լայ մար­զիկ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը կը ժա­մա­նեն զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ո­ղիմ­պիա­կան մար­զիկ­ներ եւ հա­մա­տեղ մար­զում­ներ կը կա­տա­րեն հայ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն հետ: Գաղտ­նիք չէ, որ մար­զիկ մը ա­ւե­լի ու­ժեղ եւ պատ­րաս­տո­ւած կը դառ­նայ հա­մա­տեղ մար­զում­նե­րու ըն­թաց­քին: Ո­ղիմ­պա­ւա­նի մէջ կա­ռու­ցուած է հիւ­րա­նո­ցա­յին մաս­նա­շէնք մը, ուր, մար­զում­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին պի­տի բնա­կին հայ եւ օ­տար մար­զիկ­նե­րը: Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն ար­դէն պայ­մա­նագ­րեր ու­նի կարգ մը եր­կիր­նե­րու հետ՝ մար­զիկ­ներ հիւ­րըն­կա­լե­լու եւ ա­նոնց բարձ­րա­կարգ մար­զում­նե­րու հա­մար պայ­ման­ներ տրա­մադ­րե­լու հա­մար:

Ո­ղիմ­պա­ւա­նին մէջ կան բո­լոր մար­զա­ձե­ւե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած դահ­լիճ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ մար­զա­կան բժշկու­թեան կեդ­րոն:

Ո­ղիմ­պա­ւա­նի բա­ցու­մին կա­ռոյ­ցի հիմ­նա­կան նիւ­թա­կան ներդ­րող՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեան ը­սած է.

«Մեր մար­զիկ­նե­րուն հա­մար կա­տա­րո­ւած է անհ­նա­րի­նը: Ա­նոնք ար­դէն չու­նին խօ­սե­լու տեղ: Ա­նոնց կը մնայ միայն մար­զուիլ, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան յաղ­թա­նակ­ներ պար­գե­ւել մեր երկ­րին, մեր ժո­ղո­վուր­դի­ն»: Ան նաեւ ը­սած է, որ շա­րու­նա­կե­լու է ներ­դում կա­տա­րել՝ հայ­րե­նա­կան մար­զան­քը զար­գաց­նե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին մա­կա­դա­կի հասց­նե­լու հա­մար:

Ոչ միայն ար­հես­տա­վարժ մար­զիկ­նե­րու հա­մար, այլ նաեւ պա­տա­նի­նե­րու հա­մար այս կա­ռոյ­ցին մէջ նա­խա­տե­սուած է մար­զադպ­րոց, որ­պէս­զի նոր սե­րուն­դը մօտ ըլ­լայ մար­զան­քին թէ՛ պզտիկ եւ թէ պա­տա­նի տա­րի­քէն ար­հես­տա­վարժ կա­հա­ւո­րո­ւած դահ­լիճ­նե­րու եւ սրահ­նե­րու մէջ պա­րապ­մունք­ներ կա­տա­րէ:

Միայն Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէին հա­մար ա­ւա­նին մէջ տրա­մադ­րուած է քա­ռա­յարկ մաս­նա­շէնք մը, ո­րու մէջ պի­տի ըլ­լան գրա­սե­նեակ­նե­րը, խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղով­նե­րու եր­կու մեծ դահ­լիճ­ներ:

Ո­ղիմ­պա­ւա­նի բա­ցու­մէն օ­րեր ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նին եւ այլ մար­զա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ այ­ցե­լած է Դա­ւի­թա­շէն հա­մայնք, ծա­նօ­թա­ցած է մար­զա­կան ա­ւա­նի շի­նա­րա­րու­թեա­ն, իսկ ար­դէն օ­րեր անց ա­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րած է Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան: Ա­րա­րո­ղու­թեա­ն ներ­կայ ե­ղած են Եւ­րո­պա­կան Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Փաթ­րիք Հի­կէն, Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէ­նե­րու նա­խա­գահ շէյխ Ահ­մէտ Էլ Սա­պա­հի, ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեա­ն: Ա­րա­րո­ղու­թեան մեկ­նար­կին բարձ­րա­ցուած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Մի­ջազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի դրօշ­նե­րը: Բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րը ե­ղեւին­ներ տնկած են ա­ւա­նի բա­կին մէջ, ի յի­շա­տակ ի­րենց այ­ցե­լու­թեան:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նոր շէն­քը դար­ձաւ գլխա­ւոր նուէ­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պա­կան կո­մի­տէի 25-ա­մեա­կին առ­թիւ: Այ­նու­հե­տեւ Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին թատ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի 25-ա­մեա­կին նը­ւիրուած հան­դի­սու­թիւն:

Հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ա­ւան­դոյ­թին՝ «Հայ­փոս­տ­»ը Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէին հետ հա­մա­տեղ, կը շա­րու­նա­կէ մեծ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել մար­զա­կան թե­մա­նե­րուն՝ կա­րե­ւո­րե­լով հայ­կա­կան մար­զա­կան մշա­կոյ­թը եւ պատ­մու­թիւ­նը՝ զա­նոնք նե­րա­ռե­լով իր դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն մէջ: Բազ­մա­թիւ մար­զա­կան թե­մա­յով դրոշ­մա­թուղ­թեր թո­ղար­կուած են մինչ այժմ, իսկ օ­րերս ալ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի 25-ա­մեա­կին նուի­րուած դրոշ­մա­թուղ­թը, ո­րուն վրայ պատ­կե­րուած է Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նոր շէն­քը, ինչ­պէս նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի 25-ա­մեա­կին նուի­րուած լո­կոն:

Նշենք, որ Ո­ղիմ­պա­ւա­նի պէս եր­կու մար­զա­կան ա­ւան եւս կա­ռու­ցե­լու նպա­տակ կայ Կիւմ­րիի եւ Սի­սիա­նի մէջ: Այդ կեդ­րոն­նե­րը ու­նե­նա­լէ ետք, առ­նուազն տա­սը տա­րի Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին այ­լեւս չեն ըլ­լար մար­զա­դահ­լիճ­նե­րուն ա­ռըն­չուող խնդիր­ներ:

Հա­յաս­տա­նը կը պատ­րաս­տուի 31-րդ Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն:

Խորհր­դա­յին Միու­թեան ժա­մա­նակ ալ Հա­յաս­տա­ն, թէեւ քիչ թի­ւով, բայց ո­ղիմ­պիա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ գրան­ցած է աշ­խար­հի մէջ՝ նուա­ճե­լով Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու, աշ­խար­հի եւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան­նե­րու տիտ­ղոս­ներ: Սա­կայն հայ մար­զիկ­նե­րու յաղ­թա­նակ­նե­րը նշուած են խորհրդա­յին դրօ­շի ներ­քոյ: Այդ յաղ­թա­նակ­նե­րը լիա­կա­տար ըլ­լա­լու հա­մար կը պակ­սէր կա­րե­ւոր բան մը՝ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի ա­նունն ու դրօ­շը:

Այ­սօր ար­դէն հպար­տու­թեամբ կրնանք ը­սել, որ քսան­չորս տա­րի շա­րու­նակ հայ մար­զիկ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան մե­տայլ­ներ ու բա­ժակ­ներ նուա­ճե­լու ժա­մա­նակ բարձ­րաց­նել Հա­յաս­տա­նի դրօշն ու հնչեց­նել Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին քայ­լեր­գը: Վստա­հա­բար ա­մէն մար­զի­կի ե­րա­զանքն է՝ հա­րա­զատ երկ­րի դրօ­շի ներ­քոյ տօ­նել իր յաղ­թա­նա­կը:

1991 թուա­կա­նի 21 Սեպ­տեմ­բե­րէն ետք, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հաս­տա­տու­մով, կա­րե­լի է ը­սել, որ հայ­կա­կան մար­զա­կան աշ­խար­հը նոյն­պէս նոր դա­րաշր­ջան թե­ւա­կո­խած է:

Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան­նե­րու ա­նուն­նե­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կեր­պով նշուած են Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի կայ­քէ­ջին մէջ, ո­րու նոր տար­բե­րա­կի շնոր­հան­դէսն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ օ­րերս՝ յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս: Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մըն­կնե­ցան Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած շաբ­թուան, ին­չ որ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մէկ մը ան­գամ անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լու ան­կախ Հա­յաս­տա­նի ո­ղիմ­պիա­կան ան­ցած ճա­նա­պար­հին։

ԱՆ­ԿԱԽ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ Ո­ՂԻՄ­ՊԱ­ԿԱՆ Ա­ԽՈ­ՅԵԱՆ­ՆԵ­ՐԸ

1992 թուա­կա­նին՝ Պար­սե­լո­նա­յի Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­ն ներ­կա­յա­ցաւ հինգ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րով՝ նուա­ճե­լով չորս մե­տայլ, սահ­մա­նե­լով հա­մաշ­խար­հա­յին ցու­ցա­նիշ, ո­ր մինչ օրս ան­գե­րա­զան­ցե­լի է: Իս­րա­յէլ Մի­լի­տո­սեա­ն, Մնա­ցա­կան Իս­կան­դա­րեա­ն, Հրա­չեայ Պե­տի­կեա­ն դար­ձան ա­խո­յեան, իսկ Ալֆ­րէտ Տէր-Մկրտչեա­ն նոյն ժա­մա­նակ նուա­ճեց ար­ծա­թէ մե­տայ­լ:

Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն ան­կախ Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող հայ մար­զիկ­նե­րու յաղ­թա­նակ­նե­րը այս­քա­նով չեն սահ­մա­նա­փա­կուած. 1996 թուա­կա­նի Աթ­լան­թա­յի Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու ժա­մա­նակ յու­նահռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Ար­մէն Նա­զա­րեա­ն դար­ձաւ ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան՝ հնչեց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին քայ­լեր­գը եւ ծա­ծա­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ե­ռա­գոյ­նը։

Ճատ­րա­կի Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կանն ալ ե­րեք ան­գամ՝ 2006, 2008, 2012 թուա­կան­նե­րուն դար­ձած է Հա­մաշ­խար­հա­յին ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու ա­խո­յեան:

ԱՆ­ԿԱԽ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ Ա­ԽՈ­ՅԵԱՆ­ՆԵ­ՐԸ

Ան­կախ Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րու մէջ իր ա­խո­յե­նա­կան ու­ղիին սկսած է 1993 թուա­կա­նին: Ան­կա­խու­թե­նէն ետք ա­ռա­ջին հայ աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նը դար­ձած է բռնցքա­մար­տիկ Նշան Մուն­չեան:

Յու­նահ­ռո­մէա­կան ըմբ­շա­մար­տի աշ­խար­հի ա­խո­յեան­ներ են՝ Ա­ղա­սի Մա­նու­կեան, Մնա­ցա­կան Իս­կան­դա­րեան, Վա­ղի­նակ Գալս­տեան, Ար­սէն Ջուլ­ֆա­լա­կեան, Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան։

Ա­զատ ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի մէջ աշ­խար­հի ա­խո­յեան ե­ղած են՝ Ա­րա­յիկ Գէոր­գեա­ն, Ա­րամ Մար­գա­րեա­ն եւ Դա­ւիթ Սա­ֆա­րեա­ն: Ծան­րա­մար­տի մէջ նոյն­պէս ու­նե­ցած ենք ա­խո­յեան­ներ՝ Նա­զիկ Աւ­տա­լեան, Տիգ­րան Մար­տի­րո­սեան:

Աշ­խար­հի եւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան­ներ ու­նե­ցած ենք նաեւ սամ­պօ, հրաձ­գու­թիւն մար­զա­ձե­ւե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ աշ­խար­հի հայ ա­խո­յեան­ներ կը նկա­տուին Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի տղա­մարդ­կանց հա­ւա­քա­կա­նէն Լե­ւոն Ա­րո­նեա­ն, Գաբ­րիէլ Սարգ­սեա­ն, Սէր­կէյ Մով­սէ­սեա­ն, Վլա­տի­միր Յա­կո­բեա­ն, Ռո­պէրթ Յով­հան­նի­սեա­ն: Նոյն ճատ­րա­կի մէջ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան­ներ ե­ղած են՝ Ճատ­րա­կի Հա­յաս­տա­նի տղա­մարդ­կանց հա­ւա­քա­կա­նը՝ Սմբատ Լպու­տեան, Ար­տա­շէս Մի­նա­սեան, Ա­շոտ Ա­նաս­տա­սեան, Լե­ւոն Ա­րո­նեան, Ար­շակ Պետ­րո­սեան եւ կի­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նը՝ Է­լի­նա Դա­նիէ­լեան, Լի­լիթ Մկրտչեան, Նել­լի Ա­ղի­նեան:

Նոր կա­ռու­ցուած Ո­ղիմ­պիա­ւա­նի մէջ ա­ռան­ձին բաժ­նով կը ցու­ցադ­րուին թէ՛ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Խորհր­դա­յին Միու­թեան հայ մար­զիկ­նե­րու ո­ղիմ­պիա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին նիւ­թեր ու լու­սան­կար­ներ:

Հա­յաս­տան այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջի­կին հա­մար եւս այ­ցե­լու­թեան վայր մը ա­ւել­ցաւ՝ Դաւ­ի­թա­շէ­նի Ո­ղիմ­պիա­ւա­նը, ուր կա­րե­լի է տես­նել հայ­րե­նա­կան մար­զան­քի ամ­բողջ ան­ցած ու­ղին եւ ներ­կայ ըն­թաց­քը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2015