ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՑԱՒ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՀԱԾ ՑԱՒԱԼԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ցաւով արձագանգեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ցաւալի դէպքերուն։ Ան դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚աւարտի այս շաբաթավերջին։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շրջագայութիւնը կը շարունակուի յագեցած փուլերով։
Երէկ, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Նիւ Եորքի «The Cloisters» նշանաւոր թանգարանը, որու համալիրը ունի պատմական ամրոցի մը տեսքը։ Այնտեղ կը ներկայացուին զանազան երկիրներէ քրիստոնէական գոյքեր, նաեւ այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան տարրական պատկերացում մը կազմելու՝ քրիստոնէական ճարտարապետութեան մասին։
Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ դէպի Նիւ Ճըրզի, ուր Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Յովնանեան վարժարանը, որ 1976 թուականէն ի վեր կը գործէ ամենօրեայ դրութեամբ։ Տնօրէնուհի Սթեֆանի Թորոսեանի գլխաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դպրոցի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ան հայրական վերաբերմունք ցոյց տուաւ աշակերտներուն նկատմամբ եւ ուրախութիւն յայտնեց՝ այս կրթօճախի մթնոլորտը շնչելու հնարաւորութեան համար։
Կրթօճախի վառ տպաւորութիւններով պայմանաւորուած տրամադրութեամբ, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ՝ իր այցելութեան կարգադիր յանձնախումբի անդամներուն հետ, որոնց մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն նախկին պոլսահայերը։
Երեկոյեան, նոյնպէս Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ յարակից «Ապաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ դասական երաժշտութեան համերգ մը, որ կազմակերպուած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զօրակցութեամբ։ Բազմահարիւր ունկնդիրներու ներկայութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Ամերիկահայ շրջանակներն ալ միջոցէ մը ի վեր այս համերգի սպասման մէջ էին՝ քանի իսկապէս բարձր մակարդակով, եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր, որ կը կրէր հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիի կնիքը։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց կարգադիր յանձնախումբի համաատենապետուհի Թամար Գայսէրլեան։
Յայտագիրը բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ բացառիկ վայելքի մը վերածուեցաւ։ Բեմին վրայ տողանցեցին հեղինակաւոր արուեստագէտներ, որոնք իրենց կատարողական վարպետութեամբ խոր տպաւորութիւն գործեցին ունկընդիրներուն վրայ։ Այսպէս, երաժշտասէրներուն տեսակէտէ անմոռանալի դարձաւ ունկնդրել՝ Ալվարդ Մայիլեանի, Սամի Մերտինեանի, Հայկ Արսէնեանի, Նարեկ Յարութիւնեանի, Եոաօ Քույումճեանի, Սալիմըն Թեքալլիի, Քէյթլին Սալիվընի, Էլիզապէթ Ուուի նման արժէքաւոր ու համակրելի անուններ։
Համերգի աւարտին Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանք մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ պատահած տխուր իրադարձութիւններուն։ Գալով համերգին՝ ան առանձնապէս գնահատեց Շահան Արծրունիի կազմակերպչական ջանքերը, նաեւ դրուատեց ծրագրի ներգրաւուած արուեստագէտները։
Այսօր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՚այցելէ Արեւելեան թեմի Ս. Ներսէս ընծայարանը։ Բաց աստի, ան Նիւ Եորքի մէջ կը հիւրընկալուի ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան կողմէ, որ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ ճաշասեղանով մը կը պատուէ զինքը։
Վաղը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի պատարագէ Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ, ինչ որ Նիւ Եորքի շրջանի կեցութեան գագաթնային փուլը պիտի սահմանէ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուլիսի 1-ին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ իբրեւ գաւազանակիր՝ իրեն կ՚ուղեկցի շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր։