ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

Շիշլի մարզակումբը այս տարի եւս կազմակերպեց ամրան ճամբար մը։ Հէյպէլի կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս քառօրեայ ծրագիրը, որուն մասնակցեցան ակումբի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները։ Փորձառու մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ մշակուած ծրագիրը մարզիկներուն տեսակէտէ շատ օգտակար էր, որովհետեւ պարապմունքներն ու միասնական հաճելի ժամանցը հաւասարակշռուած էին։ Բոլոր մասնակիցներու դէմքէն ճամբարի օրերուն ժպիտը չէր պակսեր։ Շիշլիի վարչութիւնը վերջին տարիներուն այս նախաձեռնութիւնը չի կաղացներ՝ խրախուսելու համար խմբային ոգիի ամրապնդումը։

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025