ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՐԱԳՐԵՐԸ
Յառաջիկայ Կիրակի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կայանան թաղի աւանդական մատաղօրհնութեան հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները, որոնց պիտի նախագահէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Մատաղօրհնութեան սեմին երէկ խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործընկերներուն՝ Նուրհան Ճէմճէմի եւ Սեւան Կիւրիւնի այցելութիւնը։ Կայացած մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Մայր եկեղեցւոյ վարիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագրերուն մասին։ Ըստ այդմ, Պէզճեան Մայր վարժարանը այժմ ունի 140 երկսեռ աշակերտութիւն, որուն ի նպաստ կ՚աշխատի շուրջ 30 հոգիէ բաղկացեալ պաշտօնէութիւն մը։ Մեր հիւրերը յայտնեցին, թէ պիւտճէի գծով մեծ բաց մը չունին, այնուամենայնիւ, այդ փոքր գումարին համար իսկ կ՚ակնկալեն համայնքին աջակցութիւնը։
Խօսելով յառաջիկայի ծրագրերուն մասին, անոնք յայտնեցին, թէ մտադիր են վերանորոգելու եկեղեցւոյ տանիքը։ Թաղային խորհուրդի անդամները խօսեցան նաեւ լուրջ նախաձեռնութեան մը մասին։ Այսպէս, թաղին մէջ յառաջիկայ շրջանին տեղի պիտի ունենան վերաշինութեան կարեւոր փոփոխութիւններ եւ անոնց արդիւնքին Պէզճեան սանուց միութեան հաւաքատեղին պիտի յայտնուի փողոցին ճիշդ անկիւնը՝ եթէ իրեն կցուի նաեւ 20 քառակուսի մեթր ընդարձակութեամբ տարածք մը։ Թաղային խորհուրդը այժմէն իսկ Մայր քաղաքապետութեան մօտ աշխատանքներու ձեռնարկած է, որպէսզի գնէ այդ տարածքը։ Եթէ ամէն ինչ յաջող ընթանայ, կը ծրագրուի հիմնել պանդոկ մը, որ լուրջ եկամուտ մը կրնայ ապահովել թաղին, որ կրնայ այդ եկամուտէն բաժին հանել նաեւ համայնքային այլ հաստատութիւններուն։
Զրոյցի աւարտին յաջողութիւն մաղթեցինք Հրանդ Մոսկոֆեանին ու իր գործընկերներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024