ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾՈՎ ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

«Ա­կօս»ի նա­հա­տակ խմբա­գիր Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ըն­թա­ցող հար­ցաքն­նու­թիւ­նը թե­ւա­կո­խեց նոր փուլ մը։ Նո­րա­յայտ փաս­տե­րու հի­ման վրայ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւն­քին ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում տրուե­ցաւ ինն հո­գիի մա­սին, ո­րոնց շար­քին են նաեւ Իս­թան­պու­լի եւ Թրապ­զո­նի հե­տա­խու­զու­թեան նախ­կին տնօ­րէն­նե­րը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը հա­ղոր­դէ, թէ Իս­թան­պու­լի ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պեալ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կի դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճիւ նոր տուեալ­նե­րու հաս­նե­լով Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան հե­տաքննու­թեան մէջ, ո­րո­շած է ձեռ­նար­կել նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ Ինն կաս­կա­ծեալ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ան ար­ձա­կած է ձեր­բա­կա­լու­թեան ո­րո­շում՝ ծրագ­րեալ կեր­պով ու դիտ­մամբ մար­դաս­պա­նու­թեան, պաշ­տօ­նա­թուղ­թեր կեղ­ծե­լու, ոչն­չաց­նե­լու ու գաղտ­նի պա­հե­լու, ինչ­պէս նաեւ պաշ­տօ­նը չա­րա­շա­հե­լու յան­ցանք­նե­րով։

Դա­տա­խա­զու­թեան հրա­մա­նով գոր­ծի լծուած Իս­թան­պու­լի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի տնօ­րէ­նու­թեան ոս­տի­կան­նե­րը սկսան ար­դէն իսկ ձեր­բա­կա­լել տուեալ ան­ձե­րը, ո­րոնք են՝ Ա­պա­հո­վու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան հե­տա­խու­զու­թեան բաժ­նի նախ­կին փոխ-վա­րիչ Ճոշ­քուն Չա­քար, Իս­թան­պու­լի հե­տա­խու­զու­թեան նախ­կին տնօ­րէն Ահ­մէտ Իլ­հան Կիւ­լէր, Թրապ­զո­նի հե­տա­խու­զու­թեան նախ­կին տնօ­րէն Ֆա­րուք Սա­րը, ոս­տի­կան Մեհ­մէտ Այ­հան, Հե­տա­խու­զու­թեան վար­չու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան նախ­կին պաշ­տօ­նեա­ներ Պիւ­լենտ Տէ­մի­րէլ, Օս­ման Կիւլ­պէլ, Եըլ­մազ Ան­կըն, Եու­նուս Եա­զար եւ ոս­տի­կան Օ­նուր Քա­րա­քա­յա։

Այս ա­նուն­նե­րէն ո­մանք նա­խա­պէս ալ ձեր­բա­կա­լուած էին, սա­կայն այժմ վերս­տին հարկ տես­նուած է դի­մե­լու ի­րենց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խա­պէս ձեր­բա­կա­լուած ու բան­տար­կուած էին Ռա­մա­զան Ա­քեիւ­րէք, Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր, Մու­հիտ­տին Զե­նիտ, Էր­ճան Տէ­միր, Էօզ­քան Մում­ճու եւ Ֆա­րուք Սա­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015