ՉԵԹԻՆ ԴԱՐՁԱՒ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի «Ա­զա­տու­թիւն» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցող­նե­րու կար­գին կը գտնուի նաեւ Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան, ի­րա­ւա­գէտ Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին։ Ան հե­ղի­նա­կած է «Մեծ­մայրս» գիր­քը, ո­րու հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք թուրք հա­սա­րա­կու­թեան մօտ զգա­լի աճ մը ար­ձա­նագ­րուած է 1915-ի Հա­յոց մեծ ե­ղեռ­նին նկատ­մամբ։ Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, թէ բարձ­րա­գոյն այս մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած է նաեւ ԱՄՆ-ի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան մե­ծա­մաս­նու­թեան նախ­կին ղե­կա­վար Տէյ­վիտ Պո­նիոր՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ իր ու­նե­ցած մեծ ներդ­րու­մին հա­մար։

Մրցա­նակ­նե­րը պի­տի յանձ­նուին Նո­յեմ­բե­րի 14-ին՝ կազ­մա­կեր­պու­թեան 9-րդ ա­մէ­նա­մեայ ըն­դու­նե­լու­թեան ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015