ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՆՈՐ ԱՌԻԹՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Ստեփանակերտի «Թումօ» գիտական կեդրոնին մէջ կայացաւ ուսումնական առաջին օրը։ Ուսանողներու առաջին խումբերը ծանօթացան կեդրոնի համակարգչային ուսումնական հարթակին եւ կատարեցին վարժանքներ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) համագործակցութեամբ բացուած Ստեփանակերտի «Թումօ»ն ունի աւելի քան 600 աշակերտներ, անոնց մեծամասնութիւնը նախնական հետաքրքրութիւն յայտնած է ռոպոթաշինութեան, ծրագրաւորման, խաղերու ստեղծման ոլորտները ուսումնասիրելու հանդէպ։
Անկասկած Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին համար եւ ղարաբաղցի տղոց համար կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է նման կեդրոնի մը ստեղծուիլը, որ առիթ կու տայ կատարելու լուրջ աշխատանքներ՝ զարգացնելու նաեւ պատանիներուն մտահորիզոնը։
«Թումօ» արտադպրոցական ուսումնական նոր միջավայր մըն է, ուր տասներկու-տասնութ տարեկան հազարաւոր պատանիներ կ՚ուսանին սեփական յանձնառութեամբ։ Իրենց առաջնորդ կը հանդիսանան հմուտ մանկավարժներ ու մետիայի մասնագէտներ, որոնց մականին ներքեւ ուսանողները կ՚իրականացնեն իրենց անհատա-կան ուսումնական ծրագիրը։