ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Ճարտարապետներու համահայկական երրորդ համաժողովը երէկ ամփոփեց իր աշխատանքները։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին կը մասնակցէին հայ եւ օտարազգի աւելի քան 120 ճարտարապետներ, շուրջ 16 երկիրներէ։ Երէկ ելոյթներ ունեցան նաեւ «Հայճար»ի ատենապետ Ժան Կավրիլոֆ, որ հանդէս եկաւ «Պոլսոյ հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու ընկերակցութիւնը» խորագրեալ զեկոյցով։ Զեկոյցներով հանդէս եկան նաեւ Լիբանանէն Րաֆֆի Չերչեան, Միացեալ Նահանգներէն Մարքօ Պրանտիլլա, Իրանէն Պեռնարտ Տըրոր, նոյնպէս Իսթանպուլէն Նազարէթ Պինաթլը եւ այլք։
Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում եւ մտքերու փոխանակում, որու ժամանակ մասնակիցները ընդգծեցին համաժողովի կարեւորութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։
Համաժողովը ամփոփեց Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թիւթիւնճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն՝ անգամ մը եւս նշելով, թէ շատ կարեւոր է միասնական համահայկական հարթակի մը վրայ համախմբել տեղացի եւ սփիւռքահայ մասնագէտները՝ իրենց համագործակցելու հնարաւորութիւն տալով։