ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարան։ Պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս փոխադարձ ըմբռնման յուշագիր մը ստորագրուեցաւ՝ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան շուրջ։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Սուրիոյ ուժանիւթի նախարար Մուհամմէտ էլ Պեշիր եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Միքայիլ Ճապարով, որ, միեւնոյն ժամանակ, SOCAR-ի վերահսկիչ խորհուրդը կը գլխաւորէ։ Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի բնական կազը յառաջիկային Թուրքիայէն պիտի տարանցուի դէպի Սուրիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջերս նշած էր, որ Ատրպէյճան պատրաստակամ է Սուրիային բնական կազ մատակարարելու ուղղութեամբ։

Պաքուի մէջ Ալիեւի եւ Շարայի հանդիպումը տեղի ունեցաւ նեղ կազմով։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահները շօշափած են մարդասիրական, կրթական եւ մշակութային համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Բաց աստի, ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ազատագրուած տարածքներու վերակառուցման փորձառութիւնը կրնայ ծառայեցուիլ՝ Սուրիոյ յետպատերազմեան վերականգնման գործընթացին նպաստելու համար։ Յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Սուրիայէն աշակերտներու համար կրթաթոշակ ապահովել Ատրպէյճանի մէջ։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են նաեւ մշակութային յուշարձաններու վերականգնման հարցերու շուրջ։ 

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, «The Time of Israel»ը տեղեկացուց, որ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ դիւանագէտները գաղտնի հանդիպում մը ունեցած են Պաքուի մէջ՝ Ահմէտ Շարայի այցելութեան շրջանակներէն ներս:

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025