ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՑՈՅՑԵՐ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին ցոյցեր սկսան՝ Արցախի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի երթ մը։ Մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ այս բողոքը արդէն անժամկէտ նստացոյցի մը ձեւաչափով կը շարունակուի։

Արցախի հայերը, որոնք շուրջ երկու տարի առաջ բռնի տեղահանուեցան իրենց պապենական հողերէն, կը պահանջեն իրենց իրաւունքներու յարգուիլը՝ ներառեալ վերադարձն ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, գերիներու ազատ արձակուիլը։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ շաբաթավերջին հաղորդեց Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած մանրամասնութիւնները, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար բնակարանի ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրին։ Քաղաքաշինութեան կոմիտէն ալ կը զգաղի այս նախագծով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025