ՔՍԱՆ ԱՄԻՍ ԱԶԱՏԱԶՐԿՈՒՄ

Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանը երէկ արձակած վճիռով 20 ամիս ազատազրկման դատապարտեց Էքրէմ Իմամօղլուն։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի քաղաքական գործունէութեան դէմ արգելք ալ սահմանուեցաւ դատարանին կողմէ։

Իմամօղլու, որ ներկայիս Սիլիվրիի կալանավայրին մէջ կը գտնուի, երէկ դատուեցաւ հանդիպակաց դատարանէն ներս, ուր ներկայ էր նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ։

Դատակազմը Էքրէմ Իմամօղլուն արդարացուց՝ իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքներէն միայն մէկուն պարագային։ Իմամօղլու կը մեղադրուէր՝ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազ Աքըն Կիւրլէքի դէմ խօսքերուն, հրապարակային վիրաւորանքներուն, սպառնալիքներուն եւ հակաահաբեկչական պայքարի մէջ մասնակցութիւն ունեցած պաշտօնատարի հանգամանքով զինքը որպէս թիրախ ցոյց տուած ըլլալուն համար։ Դատարանը միայն ահաբեկչական կտրուածքով անպարտ արձակեց Իմամօղլուն, սակայն, զայն յանցաւոր նկատեց ամբաստանագրի մէջ նշուած միւս ուղղութիւններով։ Իր դէմ սահմանուեցաւ նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու արգելք, սակայն, սա տակաւին պէտք է վերջնականացուի։

Դատակազմի դատաւորներէն մին նշեց, որ Էքրէմ Իմամօղլու պէտք է ընդհանրապէս անպարտ արձակուի եւ իբր այդ արձանագրեց իր վերապահութիւնը դատավճռի պարագային։

Վճռի արձակումէն վերջ դատարանի սրահի ներկաները լոզունգներ արձակեցին, թէ Իմամօղլու Թուրքիոյ յոյսն է։

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025