ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄԷ ՀԱՄԱՏԵՂ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ՝ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՌԿԱՅ ՀՐԱՏԱՊ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ

Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի երէկուան հանդիպումը առիթ դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններու քննարկման։ Անգարայի եւ Ապու Տապիի միջեւ այս առթիւ ստորագրուեցաւ եօթ նոր փաստաթուղթ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան խորհուրդի նիստին առթիւ հիւրընկալեց ԱՄԷ-ի նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ ալ Նահիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Հիւր ղեկավարը Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ, պետական արարողակարգով։ Պեշթեփէի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու շրջանակներէն ներս նախագահները զրուցեցին նաեւ գլուխ-գլուխի։ Կը հաղորդուի, որ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին առընթեր, կողմերը խոշորացոյցի տակ առին տարածաշրջանային իրադարձութիւնները եւ անոնց կապակցութեամբ իրենց հաւանական քայլերը։

Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ԱՄԷ Թուրքիոյ յառաջատար առեւտուրի գործընկերներէն մին է եւ իր պաշտօնակցին հետ ծաւալուած են արդիւնաւէտ քննարկումներ։ Ան աւելցուց, որ կողմերու միջեւ հիմքը դրուած ռազմավարական գործընկերութիւնը բոլոր ուղղութիւններով կու տայ իր պտուղները՝ ներառեալ ենթակառուցուածքներու, առեւտուրի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, թեքնոլոժիի եւ հաղորդակցութեան բնագաւառները։

Թուրքիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներկայիս կը ձգտին իրենց առեւտուրի ծաւալը հասցնել 40 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025