ԵՐԵՒԱՆ-ԹԵՀՐԱՆ ԿԱՊ

Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։ Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը, որ վերջերս նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է Ուաշինկթընի՝ արտապատուիրակման առաջարկով։

Արմէն Գրիգորեան զրոյցի ընթացքին պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց հայկական կողմի դիրքորոշումը տարածաշրջանային կապուղիներուն ապաշրջափակման հարցին շուրջ՝ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ։ Ահմատիան վերահաստատեց իր երկրի դիրքորոշումը այս հարցին շուրջ՝ հերթական անգամ աջակցութիւն յայտնելով Հայաստանին։

Զրուցակիցները ընդգծեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման հրամայականը։ Անոնք անդրադարձան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգին։

Ուրբաթ, Յուլիս 18, 2025