ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ պարգեւատրեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որուն յանձնեց պետական բարձր պարգեւ մը։ Այսպէս, Երուանդ Զօրեան պարգեւատրուեցաւ՝ հայրենիքին մատուցուած ծառայութիւններու համար առաջին աստիճանի մետայլով։ Ան այս բարձր գնահատանքին արժանացած է՝ Հայաստանէ ներս բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ ներդրած նշանակալի աւանդին, երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան եւ նուիրումին համար։

Նախագահ Խաչատուրեան պարգեւատրման առթիւ ընդունեց Երուանդ Զօրեանը եւ զինքը շնորհաւորեց ու մեծապէս գնահատեց անոր գործունէութիւնը։ Վահագն Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Եդուարդ Զօրեանի կատարած աշխատանքը անգնահատելի է ո՛չ միայն բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտի զարգացման, այլեւ՝ Հայաստանի հզօրացման տեսակէտէ։

Իր կարգին, Երուանդ Զօրեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց այս պարգեւին եւ գնահատանքին համար։ Զօրեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան իրեն համար միշտ եղած է առանձնայատուկ արժէք եւ պիտի շարունակէ ծառայել՝ նոյն նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ։

Երուանդ Զօրեան, որ բարձր փորձագիտութիւններու աշխարհէն ներս հեղինակութիւն մը կը համարուի, սփիւռքահայ այն շատ յայտնի դէմքերէն է, որ իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս եւս ներդրումներ կատարած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Երուանդ Զօրեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն է եւ հիմնադիրն է՝ Հայկական համացանցային համալսարանի, որ կը գործէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025