ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին դարձեալ աշխուժութիւն ստեղծուած է՝ բարձր մակարդակի շփումներով։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը շարունակեն սերտօրէն համագործակցիլ բոլոր ուղղութիւններով եւ այս մթնոլորտին մէջ անոնց միջեւ մշտական ու կանոնաւոր կապ գոյութիւն ունի։ Երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին ալ Էրտողան եւ Փութին շօշափեցին թէ՛ երկկողմանի գործակցութեան ընթացքը եւ թէ արժեւորեցին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով խնդիրներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ անվտանգութեան ուժերու Սուվէյտայէ ետ քաշուելէն վերջ ծագած բախումները ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ սպառնալիք մը կը համարուին։ Այս համայնապատկերին վրայ ան կանգ առաւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու կարեւորութեան վրայ։ Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիա Սուրիոյ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման եւ երկրի ժամ առաջ վերականգնման համար ամէն ջանք կը գործադրէ։
Բաց աստի, Էրտողան դիտել տուաւ, որ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլի սկսիլն ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Եթէ հակամարտ կողմերու տեսակէտէ յարմար թուականներ ճշդուին, ապա Թուրքիա միշտ պատրաստակամ է հիւրընկալման եւ Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններու կազմակերպման։