ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻԼԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի մասնակիցները՝ գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավարներուն։ «Պիտի վերադառնանք» կայգախօսով կազմակերպուած է բանակումը եւ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ-ի ղեկավարները նշեցին, որ սա կարեւոր ուղերձ մըն է՝ վերադառնալու համար հայկական արմատներու եւ հոգեւոր-ազգային արժէքներու։
Վեհափառ Հայրապետը օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ գնահատեց համախմբման կազմակերպիչները։ Իր խօսքով՝ սա լաւագոյն առիթն է զօրացնելու համար երիտասարդներու ազգային-հոգեւոր նկարագիրը եւ նուիրումը առ Հայաստան։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ազգային ինքնութիւնը անխաթար պահելու եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելու հրամայականին։ Ան յորդորեց, որպէսզի երիտասարդները Հայաստանի նկատմամբ անսակարկ նուիրումով ու ազգային նկարագրով յարատեւեն։
Հուսկ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ ազգասիրութեան զօրեղ ուղին ու կամքը մշտապէս ուղեկից ըլլան հայ երիտասարդներուն՝ համընդհանուր ճիգերով զօրացեալ կերտելու համար Հայաստանի անվտանգութիւնը, ժողովուրդի խաղաղ ու բարօր կեանքը։