Հայաստանի Օրը՝ Մարսէյլի Միջազգային Տօնավաճառին Մէջ
Մարսէյլի միջազգային տօնավաճառին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի օրը։ Այսպէս, 25-րդ շարունակական մասնակցութիւն, այս տարի աւելի ընդարձակուած տաղաւարով, կեդրոնական ուղիին վրայ, հետեւաբար անպայման տեսանելի իւրաքանչիւր այցելուի համար։ Աւելորդ չէ յիշեցնել, թէ առաջին մասնակցութիւնը տեղի ունեցած էր 1991 թուականի Սեպտեմբերի 22-ին բացուած տօնավաճառին, այսինքն անկախութեան հռչակման յաջորդ օրն իսկ, կազմակերպութեամբ Հայ մշակոյթի տան, որ ձեռնարկի կազմակերպիչն է քառորդ դարէ ի վեր, նիւթական նեցուկովը Պուշ-Տիւ-Ռոնի Նահանգային խոր-հուրդին։ Այս առթիւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մշակոյթի տան վարչութեան նախագահ, քաղաքային եւ շրջանային խորհրդական Կարօ Յովսէփեան։
Այս տարի Նահանգային խորհուրդը ներկայացուց նախագահ Մարթին Վասալ, որ ծագումով մօր կողմէ հայ է՝ Գալէնտէրեան։ Պէտք է շեշտել, որ այս տարի պաշտօնական անձնաւորութիւններու թիւը շատ մեծ էր։
Կէսօրուան ժամերուն, երբ թափօրով մուտք գործեցին հիւրերը, անոնց կարգին կը նշմարուէին Մարսէյլի քաղաքապետի փոխանորդը՝ երեսփոխան Տոմինիք Թիան, երեսփոխան Հանրի Ճիպրայէլ, եւրոպական երեսփոխաններ Միւզըլիէ եւ Մայէ, քաղաքապետ կցորդ Տիտիէ Բարակեան, Լա Սիոթայի քաղաքապետ Փաթրիք Պորէ եւ այլ նահանգային եւ քաղաքային խորհրդականներ։ Ներկաներու կարգին էին նաեւ Սամուէլ Լալայեան, Հայր Սուքիաս Մունզէր եւ Պատուելի Չողանճեան։
Յաջորդաբար խօսք առին Սամուէլ Լալայեան, որ ծանրացաւ ֆրանսական եւ հայկական տնտեսական կապերը առաւել ընդլայնելու հրամայականին եւ կարեւորութիւններուն վրայ։ Մարթին Վասալ առիթէն օգտուեցաւ իր յանձնառութիւնը խոստանալու ապագայի համար ալ, մաղթելով, որ տօնավաճառին Հայաստանի մասնակցութիւնը քսանհինգ տարի եւս տեւէ։ Անդրադառնալով Եղեռնի 100-ամեակին՝ ան ըսաւ, որ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին Հայաստան պիտի երթայ հոծ պատուիրակութիւնով մը։
Մինչ այդ, «Մասիս» նուագախումբը եւ «Կիլիկիա» պարախումբը երաժշտութիւնով մը հանդէս եկան հայկական տաղաւարին մօտ։
Գինեձօնով մը աւարտեցաւ պաշտօնական այս մասը։ Իսկ երեկոյեան, Palais des Congrès-ի Callelongue սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանացիներու կողմէ պատրաստուած՝ «Աղէտ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024