ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

«Տի­ճի­Թէք Էքս­փօ» ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը ա­ւան­դա­կան դար­ձած ա­մե­նա­մեայ մի­ջո­ցա­ռում մըն է, ո­րուն ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րով զբա­ղող եւ ա­նոն­ցով հե­տաքրք­րուած հայ հան­րու­թիւ­նը:  «Տի­ճի­Թէք Էքս­փօ»ի պատ­մու­թի­նը կը սկսի 2005 թուա­կա­նին եւ մշտա­պէս տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նիին ներ­քոյ: Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի հիմ­նա­կան նպա­տա­կը բարձր ար­հես­տա­գի­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու, գոր­ծա­րար սպա­ռող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ հա­ղոր­դակց­ման բա­րեն­պաստ մի­ջա­վայր ստեղ­ծելն է: Ան նաեւ մի­տուած է մի­ջազ­գա­յին կա­պե­րու ընդ­լայն­մա­ն:

Այս տա­րուան «Տի­ճի­Թէք Էքս­փօ»ն, որ «Ե­րե­ւան-Էքս­փօ» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բե­րի 2-5 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, բա­ցա­ռիկ էր այն ա­ռու­մով, որ այս տա­րի ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցէին նա­խորդ բո­լոր տա­րի­նե­րու հա­մե­մատ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ըն­կե­րու­թիւն­ներ: Շուրջ հա­րիւր եօ­թա­նա­սուն ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ տասը երկիրներէ, ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցու­ցած էին ի­րենց աշ­խա­տան­քը, ո­րոնց հիմ­նա­կան մա­սը ար­հես­տա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու, հայ­կա­կան խում­բե­րու կամ հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծուած զա­նա­զան աշ­խա­տանք­ներ էին: Այդ աշ­խա­տանք­նե­րը ցոյց կու տան հայ ճար­տա­րա­գէտ­նե­րու վեր­ջին տա­րի­նե­րու յօ­րի­նում­նե­րը, ո­րոնք նաեւ կը ներ­կա­յա­նան աշ­խար­հի տա­րած­քին: Ցու­ցա­հան­դէ­սը ան­նա­խա­դէպ էր նաեւ այ­ցե­լու­նե­րու ա­ռու­մով: Ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին շուրջ քա­ռա­սուն հա­զար այ­ցե­լու ու­նե­ցած է «Ե­րե­ւան Էքս­փօ»ն:

Այս տա­րուան «Տի­ճի­Թէք Էքս­փօ» ցու­ցա­հան­դէ­սը կը կրէր «Տօն ար­հես­տա­գի­տա­կան հա­յու­թեան հա­մա­ր» խո­րա­գի­րը: Բա­ցի տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին մէջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ գրան­ցած հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն, ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցէին նաեւ կարգ մը ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Չի­նաս­տա­նէն, Թա­յուա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Շուէ­տէն, Ուք­րա­յնա­յէն, Սպի­տակ Ռու­սիա­յէն, Վրաս­տա­նէն եւ Ի­րա­նէն:

«Տի­ճի­Թէք Էքս­փօ»ի կարգ մը տա­ղա­ւար­ներ յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան թէ՛ այ­ցե­լու­նե­րու եւ թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ բարձ­րաս­տի­ճան այլ ան­ձե­րու կող­մէ, ո­րոնք ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին այ­ցե­լե­ցին ցու­ցաս­րահ եւ շրջե­ցան ե­րեք յար­կե­րու վրայ տե­ղա­կա­յուած սրահ­նե­րով: Հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած էին հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեան ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րու, մար­դա­մե­քե­նա­նե­րու (ռո­պոթ), հայ­կա­կան ճատ­րա­կա­յին ծրագ­րե­րու, Ստուե­րա­խա­ղի, հայ­կա­կան տե­սա­զան­գի եւ ար­դէն նշա­նա­ւոր դար­ձած ու­րիշ այլ հայ­կա­կան ար­տադ­րանք­նե­րու տա­ղա­ւար­նե­րը, ո­րոնք այ­ցե­լու­նե­րու պա­կաս չու­նե­ցան:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ նոյն­պէս այ­ցե­լեց «Տի­ճի­Թէք Էքս­փօ» ցու­ցա­հան­դէս, շրջե­ցաւ տա­ղա­ւա­նե­րով, զրու­ցեց հայ­կա­կան ճար­տա­րա­գի­տա­կան միտ­քը ներ­կա­յաց­նող մաս­նա­գէտ­նե­րուն հետ: Կը ներ­կա­յաց­նենք մեր հար­ցազ­րոյ­ցը՝ ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցած եւ 2015 թուա­կա­նի ըն­թաց­քին հան­րա­յայտ դար­ձած հայ­կա­կան ար­տադ­րան­քի մը՝ ZANGI ծրագ­րի հե­ղի­նա­կի՝ ճար­տա­րա­գէտ Վահ­րամ Մար­տի­րո­սեա­նի հետ: ZANGI ծրա­գի­րը հե­ռա­հա­ղո­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար­նե­րէն մէկն է, ո­րոշ տուեալ­նե­րով, ան իր մա­տու­ցած ո­րա­կեալ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով կը գե­րա­զան­ցէ SKYPE, VIBER եւ նման այլ ծրագ­րեր ա­ռա­ջար­կող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը: Աշ­խար­հի կարգ մը եր­կիր­նե­րու մէջ կը գոր­ծա­ծեն ZANGI ծրա­գի­րը, թե­րեւս ա­ռանց գիտ­նա­լու, որ ա­նոր հե­ղի­նակ­նե­րը հա­յեր են:

-Պա­րոն Մար­տի­րո­սեան, նկա­տե­լի է, որ ցու­ցա­հան­դէ­սի օ­րե­րուն ZANGI-ն տա­ղա­ւա­րը լե­ցուն է այ­ցե­լու­նե­րով: Ինչ­պի­սի՞ ճա­նա­պարհ ան­ցած է ZANGI-ն՝ այ­սօր ար­ժա­նա­նա­լով նման հե­տաքրք­րու­թեան:

-ZANGI-ն հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ո­լոր­տի վեր­ջին լու­ծում­նե­րէն է: Մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը ստեղ­ծուած է 2009 թուա­կա­նին, սա­կայն իր գո­յու­թեան վեց տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ան ա­ռա­ւե­լա­բար յայտ­նի դար­ձաւ այս տա­րի, ո­րով­հե­տեւ մեր պաշ­տօ­նա­կան մուտ­քը մենք ծա­նու­ցե­ցինք այս տարո­ւան սկզբին, մինչ այդ զբա­ղած էինք այլ աշ­խա­տանք­նե­րով: Ան­մի­ջա­պէս, երբ մենք յայ­տա­րա­րե­ցինք մեր մուտ­քի մա­սին, օգ­տա­տէ­րե­րու թի­ւը մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին հա­սաւ յի­սուն հա­զա­րի, այ­սօր ար­դէն աշ­խար­հի տա­րած­քին շատ-շատ ա­ւե­լին է այն մար­դոց թի­ւը, ո­րոնք բեռ­նած են եւ կը գոր­ծա­ծեն հայ­կա­կան ZANGI-ն:

-Իսկ ինչ­պէ՞ս ընտ­րուե­ցաւ ա­նու­նը եւ ին­չո՞ւ ZANGI, եւ ոչ՝ ZANGIR:

-Մենք նպա­տակ ու­նէինք ան­պայ­ման հայ­կա­կան ա­նուն մը ընտ­րել, եւ նաեւ նկա­տի առ­նել, որ ան դիւ­րա­մատ­չե­լի ըլ­լայ զա­նա­զան լե­զու­նե­րով ար­տա­սա­նե­լու հա­մար: Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք ար­տա­սա­նե­լու ա­ռու­մով եւ ընտ­րուե­ցաւ Զան­գի ա­նու­նը: Ո­րոշ եր­կիր­նե­րու մէջ մեր ծրա­գի­րը «Զեն­ջի» կ՚ար­տա­սա­նեն:

-Իսկ ճի՞շդ է, որ հայ­կա­կան ZANGI-ն ձեռ­նոց նե­տած է SKYPE-ին, VIBER-ին եւ կը գե­րա­զան­ցէ այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը:

-Ձեր նշած այդ ծրագ­րե­րը, ա­յո, մեր մըր-ցա­կիցն են, բայց տե­սա­զան­գե­րու ո­րա­կի ա­ռու­մով, մեր յա­ւե­լուա­ծը, ան­շուշտ, ա­ւե­լի ո­րա­կա­ւոր է: Շատ քի­չեր գի­տեն, որ մենք մեր աշ­խա­տան­քին սկսած ենք այ­սօր ար­դէն հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նորդ դար­ձած Whats up-ի, Viber-ի, Tango-ի, Line-ի հետ միա­սին, սա­կայն ա­նոնք շատ մի­ջոց­ներ ու­նէին եւ շատ ա­րագ ա­նուն հան­րա­ծա­նօթ դար­ձան, ա­րագ ա­ճե­ցան, բայց բո­վան­դա­կա­յին, ո­րա­կա­յին եւ յօ­րի­նում­նե­րու ա­ռու­մով մենք յա­ռա­ջա­տար ենք: Ը­սեմ նաեւ, որ մեր ու­նե­ցած նե­րու­ժի չնչին մէկ մա­սը տա­կա­ւին ներդ­րած ենք. մենք նո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու եւ հա­մա­ցան­ցա­յին տե­ղե­կա­տուա­կան դաշ­տի մէջ յա­ռա­ջա­տար ըլ­լա­լու ա­մէ­նօ­րեայ աշ­խա­տանք կը տա­նինք: Ու­նինք մաս­նա­գի­տա­կան բա­ւա­կան մեծ փորձ ու­նե­ցող խումբ մը, ո­ր լա­ւա­գոյնս կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ար­հես­տա­գի­տա­կան միտ­քը:

Մեր հիմ­նա­կան մրցա­կի­ցը, ան­շուշտ, բջի­ջա­յին գոր­ծար­կու­ներն են, ո­րոնք ա­մէն տեղ հա­սա­նե­լի են ա­ռանց հա­մա­ցան­ցի, մեր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը մա­տու­ցուի հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ, իսկ այ­սօր բո­լոր վայ­րե­րու մէջ հա­սա­նե­լի չէ հա­մա­ցան­ցը։ Բայց ZANGI-ն ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ու­նի Ձեր նշած ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մե­մատ, օ­րի­նակ՝ մենք ար­դէն կը տի­րա­պե­տենք այն­պի­սի մի­ջոց­նե­րու, ո­րոնք ձայ­նի չկտրտուող ո­րակ կ՚ա­պա­հո­վեն, նոյ­նիսկ հա­մա­ցան­ցի կա­պի վա­տաց­ման պա­րա­գա­յին, բան մը, որ միւս ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը չու­նին: Շատ բարձր թոյլ­տուու­թեան կեն­դա­նի տե­սա­զան­գե­րու ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցենք: Ատ­կէ զատ, մենք մշա­կած ենք նաեւ տո­ւեալ­նե­րու փո­խանց­ման ճա­նա­պար­հին տե­ղի ու­նե­ցող կո­րուստ­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը դիւ­րաց­նող մի­ջոց­ներ: Մա­նա­ւանդ այս ա­ռու­մով սկզբնա­կան շրջա­նին այն­քան շատ ապսպ­րանք կը ստա­նա­յինք դուր­սի եր­կիր­նե­րէն, որ ստի­պուած կ՚ըլ­լա­յինք մէկ մա­սը մեր­ժել՝ միւս մա­սը կարենալ հասցնե­լու հա­մար:

-Ո՞ր հա­մա­կար­գե­րու մէջ հա­սա­նե­լի է ծրա­գի­րը:

-ZANGI-ն հա­սա­նե­լի է Android, iOS, Windows հա­մա­կար­գե­րու հա­մար, իսկ մինչ տա­րե­վերջ ան հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նայ բա­ցա­ռա­պէս բո­լոր հար­թակ­նե­րու հա­մար: Մենք շատ վաղ հաս­կա­ցած ենք, որ նո­րա­գոյն բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նա­յին սար­քե­րը յե­ղա­փո­խու­թիւն պի­տի կա­տա­րեն եւ այ­սօր ար­դէն ար­հես­տա­գի­տու­թեան աս­պա­րէ­զի մէջ ա­մե­նէն սուղ գնա­հա­տուող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը հա­ղոր­դակ­ցա­յին ծրագ­րեր մշա­կող ըն­կե­րու­թիւն­ներն են:

-ZANGI-ին անվ­ճար է, իսկ ինչ­պէ՞ս կը զար­գա­նայ ըն­կե­րու­թիւ­նը:

-Սկզբնա­կան շրջա­նին ներդ­րում­նե­րով կա­տա­րած ենք մեր քայ­լե­րը, իսկ այ­սօր ար­դէն մենք ու­նինք վճա­րո­վի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք կ՚ա­ռա­ջար­կենք մեր օգ­տա­տէ­րե­րուն եւ ե­կա­մուտ կը ստա­նանք: Այս տա­րի մենք թո­ղար­կե­ցինք ZANGI-ի ամ­պա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը, ո­ր հ­նա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ բո­լոր զան­գերն ու տե­սա­զան­գե­րը պահ­պա­նել ու ո­րե­ւէ պա­հու փնտռել ու լսել զա­նոնք: Նոյն այս ամ­պա­յին ծա­ռա­յու­թեան ծի­րէն ներս ալ վճա­րո­վի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ ու­նինք:

Իսկ առ­հա­սա­րակ, տե­սա­զան­գի ըն­թաց­քին մենք եր­բեք գո­վազդ չենք ցու­ցադ­րեր, պաս­տա­ռը պէտք է զերծ ըլ­լայ գո­վազ­դէն, որ­պէս­զի մար­դիկ ի­րա­րու հետ ա­ւե­լի հան­գիստ շփուին: Մեր պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գե­րը ա՛լ ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր են: Առ­ցանց յան­ցա­գործ­նե­րուն հա­մար շատ դժո­ւար է կոտ­րել մեր յա­ւե­լուա­ծը եւ լսել խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը: Մա­նա­ւանդ SKYPE-ի հա­մե­մատ՝ մեր պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գը մէկ շերտ ա­ւե­լի անվ­տանգ է եւ գաղտ­նալ­սում­նե­րը անհ­նար են կամ գրե­թէ անհընար են: Մենք հայ­կա­կան ար­տադ­րանք ենք, բայց գրան­ցուած ենք Սին­կա­փու­րի մէջ, իսկ այն­տեղ նման հար­ցե­րը շատ խիստ դրուած են:

-Ո՞ր եր­կիր­նե­րէն հե­տաքրք­րուած են հայ­կա­կան ծրագ­րով:

-Այն եր­կիր­նե­րու մէջ, ուր աշ­խա­տանք տա­րած ենք, յա­ջո­ղած ենք: Ու­նինք հե­տաքրք­րու­թեան եւ բեռ­նում­նե­րու մեծ քա­նակ, լայն տա­րա­ծում Քու­էյ­թի, Պահ­րէյ­նի, Սլո­վա­քիոյ, Ղա­զա­խիս­տա­նի, Ռու­սաս­տա­նի, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ՝ Ֆրան­սա, Գեր­մա­նիա:

-Հե­տաքրք­րա­կան են տե­սա­զան­գե­րու ըն­թաց­քին հա­յե­րէն գրու­թիւն­նե­րով մա­ծու­ցիչ­նե­րը (sticker): Ու­րիշ ի՞նչ նո­րա­մու­ծու­թիւն­ներ կան:

-Ծրագ­րի մէջ քա­նի մը լե­զու­նե­րով մա­ծու­ցիչ­նե­րէն զատ նաեւ կայ հա­յե­րէն, եւ մա­նա­ւանդ հա­յե­րը կրնան ի­րա­րու հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­հուն հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, բա­ռեր ղրկել, ըլ­լան ա­նոնք թէ՛ գո­հու­նա­կու­թեան նշան­ներ, ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, նկար­ներ եւ թէ հա­կա­ռա­կը՝ բա­ցա­սա­կան կամ ոչ-ու­րախ տրա­մադ­րու­թիւն ցոյց տուող պատ­կեր­ներ, ո­րոնց բա­ռա­յին մթե­րքը հա­յե­րէ­նով է: Մեր նո­րա­մու­ծու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ, որ ու­րիշ ըն­կե­րու­թիւն­ներ չու­նին, ձախ­լիկ­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ստեղ­նա­շարն է, զոր ձախ­լիկ մար­դը կ՚ընտ­րէ՝ յա­ւե­լուա­ծը ա­ւե­լի դիւ­րին, ա­րագ եւ յար­մար գոր­ծա­ծե­լու հա­մար:

-Նշե­ցիք մա­նա­ւանդ հա­յաշ­խար­հի մէջ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­րա­գան: Որ­քա­նո՞վ կը կա­րե­ւո­րէք ZANGI-ի դե­րը՝ աշ­խար­հով մէկ ցրուած հա­յու­թիւ­նը մօ­տեց­նե­լու, եւ հա­յե­րը ի­րենք ի­րենց կար­գին ի՞նչ դեր կրնան ու­նե­նալ ZANGI-ի զար­գաց­ման մէջ:

-Շատ մը եր­կիր­նե­րէն հա­յեր կը նա­խընտ­րեն մեր ար­տադ­րան­քը, հայ­կա­կան ըլ­լա­լուն եւ նաեւ՝ ա­ւե­լի ո­րա­կա­ւոր ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ: Այս ալ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, տե­ղե­կա­տուու­թիւն փո­խան­ցե­լու մի­ջոց մըն է, եւ ա­նոնք կը նա­խընտ­րեն օգ­տուիլ հայ­կա­կա­նէն: Ու­նինք շուրջ ե­րեք­հա­րիւր հա­զար բա­ժա­նորդ­ներ, ո­րոնց 45 առ հա­րիւ­րը Հա­յաս­տա­նէն է, իսկ մնա­ցա­ծը՝ դուր­սէն: Մենք ու­նինք մեծ սփիւռք եւ մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ ու­նինք, որ շու­տով մի­լիո­նա­ւոր օգ­տա­տէ­րեր կ՚ու­նե­նանք ա­ռա­ջի­ն առ­թիւ սփիւռ­քի հաշ­ւոյն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2015