«ՀԱՅՃԱՐ»ԻՆ՝ ՇՔԱՆՇԱՆ
«Հայճար»ի վարչութեան նախագահ Ժան Կավրիլոֆ եւ նախկին ատենապետ, վարչութեան անդամ ու հիմնադիրներէն Նազարէթ Պինաթլը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուեցան «Արշիլ Կորքի» շքանշանով՝ Ճարտարապետներու միջազգային օրուան առթիւ։
Այս առթիւ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Նազարէթ Պինաթլըի հետ իրականացուած է հարցազրոյց մըն ալ, որու ընթացքին ան նշած է, թէ կարելի չէ չըսել, թէ թրքահայ համայնքը խնդիրներ չունի Թուրքիոյ մէջ, սակայն «Հայճար» ազատօրէն կը կատարէ իր աշխատանքը։ «Որպէս ճարտարապետ՝ պատուիրատուի հետ առաջին անգամ իսկ հանդիպելու ժամանակ կը նշեմ, որ հայ եմ։ Ու ճիշդ այդ հանգամանքէն ելլելով կը վստահին ինծի, որովհետեւ հայերը յայտնի են որպէս ուղիղ մարդիկ, չեն խաբեր եւ կը կատարեն իրենց աշխատանքը», ըսած է Նազարէթ Պինաթլը։