ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ

Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դը յայ­տա­րա­րեց, թէ վերջ կու տայ մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց գծով Ատր­պէյ­ճա­նի հետ իր գոր­ծակ­ցու­թեան։ Պատ­ճառն է այդ երկ­րին մէջ մարդ­կա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կին կտրուկ վատ­թա­րա­ցու­մը։ Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պէօռն Եակ­լանտ այս առ­թիւ հրա­պա­րա­կեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը՝ յայտ­նե­լով, թէ իր գլխա­ւո­րած կազ­մա­կեր­պու­թեան Նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դին տե­ղե­կա­ցու­ցած է քա­շուե­լու ո­րո­շու­մը աշ­խա­տան­քի այն խում­բէն, ո­րու ա­ռա­քե­լու­թիւնն էր մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց բնա­գա­ւա­ռէն ներս Պա­քուի հետ երկ­խօ­սու­թեան բա­րե­լա­ւու­մը։

Աշ­խա­տան­քա­յին այս խում­բը կը բաղ­կա­նար մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան տաս­նութ գոր­ծիչ­նե­րէ, խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րէ ու նա­խա­րար­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ։ Այս խում­բը կը կա­տա­րէր բա­ւա­կան թոյլ աշ­խա­տանք։

Մինչ ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու բռնա­բար­ման լու­րե­րը կը յա­ջոր­դեն ի­րա­րու, Նա­խա­գահ Ա­լիեւ կը հեր­քէ բո­լոր ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը։ Այդ երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պնդէ, թէ բո­լոր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը պար­զա­պէս ի­րենց եր­կի­րը ա­նուա­նար­կե­լու նպա­տակ կը հե­տապն­դեն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015