ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁ

Հա­յոց հո­գե­ւոր մայ­րա­քա­ղա­քի՝ Էջ­միած­նի 2700-ա­մեա­կին նուի­րուած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը սկսան «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հրա­պա­րա­կին վրայ սպա­ռա­պետ Վազ­գէն Սարգսեա­նի յու­շար­ձա­նի բաց­մամբ։

Էջ­միած­նի տօ­նին ա­ռի­թով քա­ղաք այ­ցե­լեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­ըս-եան, որ ծաղ­կե­փունջ մը դրաւ Վազ­գէն Սարգսեա­նի յու­շար­ձա­նին, որ բա­ցուե­ցաւ Ար­մա­ւի­րի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սի­մոն Եպսկ. Ա­դա­մեա­նի օրհ­նու­թեամբ։ Հա­դի­սու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Ա­պա հիւ­րե­րը մաս­նակ­ցե­ցան քա­ղա­քի ծայ­րա­մա­սին գտնուող մար­զա­կան հա­մա­լի­րի հիմ­նար­կէ­քի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Այս առ­թիւ քա­ղա­քա­պետ Կա­րէն Գրի­գո­րեան ը­սաւ, թէ մար­զա­հա­մա­լի­րը պի­տի ըլ­լայ ոչ միայն Էջ­միած­նի, այ­լեւ յա­րա­կից գիւ­ղե­րու պա­տա­նի­նե­րուն ա­մե­նա­սի­րե­լի վայ­րը։ Ա­ւե­լի ուշ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մէջ կա­յա­ցաւ մի­ջո­ցա­ռում մը եւս, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Էջ­միած­նի քոյր քա­ղաք­նե­րէն ժա­մա­նած պա­տուոյ հիւ­րե­րը։

Մինչ այդ, հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Սեր­կիեւ Փո­սա­տի քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նա­կա­տար Եու­րի Պոթ­յա­քին (Ռսաս­տան) եւ Շաղ­ւիոյ Շա­ւա­նիո­յի քա­ղա­քա­պետ Ժե­րար Տե­շամ (Ֆրան­սա), ու­ղեկ­ցու­թեամբ Կա­րէն Գրի­գո­րեա­նի, այ­ցե­լե­ցին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015