«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»
«Աստուածաբանական եւ վարդապետական նիւթեր. Ա. հատոր», Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան եւ ժրաջան առաջնորդին՝ Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին նոր հատորն է, որ լոյս տեսած է 2025-ին, Հալէպ:
Գիրքը կը բաղկանայ 336 էջերէ, թղթակազմ: Հրատարակուած է ազնիւ մեկենասութեամբ տիար Արա Մահսերեճեանին, ի յիշատակ իր հանգուցեալ հօր եւ մօր՝ Մանուէլ եւ Այտա Մահսերեճեաններուն: Սրբազան հայրը իր այս աշխատասիրութիւնը ձօնած է՝
«Սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսացող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իմացական Մկրտարանին»՝ Դպրեվանքի 95-ամեակին»:
Իր հայացուցած գիրքին մէջ Մակար Սրբազանի երկու խօսքի կողքին տեղ գտած են ինն յօդուածներ, հետեւեալ վերնագրերով.
1) Սուրբ Հոգիին առաքումը:
2) Ծնած է եւ ո՛չ թէ արարած է:
3) Քրիստոսի երկրորդ գալուստին եւ այդ գալուստը կանխող նշաններուն եւ նախադէպերուն մասին:
4) Սուրբ Երրորդութեան վարդպետութեան բացատրութիւնը:
Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացի՝ Սուրբ Երրորդութեան մասին ուսուցումներ:
5) Ինչպէ՞ս ներկայացնել Սուրբ Երրորդութիւնը:
6) Եկեղեցական հայրերու մտածողութեան մէջ մարդու փրկութեան համար Քրիստոսի մարդեղացման անհրաժեշտութիւնը:
7) Քրիստոսի երեւումները Հին կտակարանին մէջ:
8) Յիսուս Քրիստոսի անուններն ու տիտղոսները համաձայն Եկեղեցւոյ աւանդութեան:
9) Պատասխան Եհովայի վկաներուն:
Գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած է աղբիւրագիտական ցանկ մը եւ բովանդակութիւնը:
Հատորին մէջ տեղ գտած յօդուածները թարգման-ւած են արաբերէնէ եւ անգլերէնէ: Յօդուածներուն նիւթերու ընտրութեան մասին Մակար Սրբազան հետեւեալ լուսաբանութիւնը կու տայ.
«Ցարդ, մարդոց մտքերը առաւելագոյն չափով չարչրկող նիւթերէն եղած են Սուրբ Երրորդութեան՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին վարդապետութիւնը, երե՞ք աստուածներ են, թէ՞ մէկ Աստուած, եւ ի՞նչ է մէկ Աստուածութեան մէջ երեք անձերուն ներկապակցութիւնը եւ իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնը ստեղծագործութեան եւ մարդկային փրկագործութեան մէջ, Սուրբ Հոգիին անձը, Անոր կոչումները ու եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալին կեանքին մէջ ունեցած դերակատարութիւնը, Քրիստոսի անձը եւ Անոր երկու բնութիւններու միաւորման իրողութիւնը, Անոր մարմինով ծնիլը, աճիլն ու զարգանալը, ութօրեայ թլփատութիւնը, Քրիստոսի տիտղոսներն ու յատկութիւնները Նոր կտակարանին ու եկեղեցւոյ հայրերու մտածողութեան մէջ. նաեւ Աստուծոյ գոյութեան եւ չարի գոյութեան հարցը, անհաւատներու կողմէ պատճառաբանուած զանազան հարցադրումները, հակաճառումները եւ անոնց պատասխանները, անհաւատութեան պատճառները եւ տեսակները, թէ ինչո՞ւ մարդ անհաւատ կ՚ըլլայ, գիտութեան դիրքը հանդէպ կրօնքին եւ հաւատքին, արդեօք գիտութիւնը կը հակասէ՞ կրօնքին, մարդու փրկութեան համար Քրիստոսի մարդեղութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչո՞ւ Քրիստոս խաչին վրայ մեռաւ, միթէ ուրիշ միջոցով հնարաւոր չէ՞ր մարդիկը փրկել, մեր յարութիւնը, վախճանաբանական հարցեր Քրիստոսի երկրորդ գալուստին հետ կապուած, դրախտի եւ դժոխքի զոյգ հասկացողութիւնները, առաջին յարութիւնն ու առաջին մահը, երկրորդ յարութիւնն ու երկրորդ մահը, Քրիստոսի Հինկտակարանեան երեւումները (նախքան Իր մարդեղացումը), զոյգ գլխաւոր աղանդաւորական շարժումները՝ Եհովայի վկաներն ու Գալստական շաբաթապահներու աղանդը, անոնց ծագումը, զարգացումն ու մոլար ուսուցումները եւ ուղղափառ պատասխաններով անոնց հերքումը:
Աշխատանքին մէջ փորձած ենք որոշ չափով լուսարձակի տակ բերել աստուածաբանական եւ քրիստոսաբանական երեւոյթներ, որոնք ինչպէս վերը ակնարկեցինք, կը վերաբերին Սուրբ Երրորդութեան, Սուրբ Հոգիին եւ մանաւանադ՝ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն, որոնք յաճախ պատմութեան ընթացքին զանազան հերձուածողներու, հերետիկոսներու եւ աղանդաւորներու կողմէ սխալ ընկալուելով ու բացատրուելով՝ մարդոց մօտ շփոթ ու անյստակութիւն ստեղծած են եւ շատ յաճախ ալ լուրջ վիճաբանութիւններու եւ բախումներու պատճառ դարձած» (էջ 7-8):
Առաջին՝ «Սուրբ Հոգիին առաքումը» յօդուածին հեղինակն է երաջնկայիշատակ Անպա Պիշոյը, Ղպտի եկեղեցւոյ կարկառուն աստուածաբաններէն մէկը: Սուրբ Հոգիին եւ ճշմարտութեան մասին խօսելով՝ կը գրէ.
* Սուրբ Հոգին ճշմարտութեան Հոգին է, որովհետեւ Ան Աստուծոյ Հոգին է: Ան է, որ կը ներշնչէ ճշմարտութիւնը եւ կ՚առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւն: Ատոր համար ալ Յիսուս Սուրբ Հոգիին համար ըսաւ. «Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, Անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան» (Յհ 16.13):
Ով որ Սուրբ Հոգիով կը խօսի, ապա ճշմարտութեան խօսքն է, որ կը խօսի: Ատոր համար Հաւատքի հանգանակին մէջ կ՚ըսենք. «Որ խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ»: Հետեւաբար, ան որ Սուրբ Հոգիով կը վկայէ, ապա ճշմարտութեամբ պէտք է վկայէ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ Ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, Անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ Իմ մասիս: Դուք ալ կը վկայէք Իմ մասիս. որովհետեւ սկիզբէն Ինծի հետ եղաք» (Յհ 15.26-27) (էջ 20):
Անպա Պիշոյը կը մատնանշէ նաեւ, թէ Սուրբ Հոգին է, որ մեզ՝ մարդիկս կը միացնէ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ: Ան կը գրէ.
* Սուրբ Հոգին, որ Աստուծոյ սէրը կը հեղու մեր սրտերուն մէջ, Ի՛նք է, որ մեզ Քրիստոսի կը միացնէ իբրեւ Իր սուրբ մարմինին անդամներ եւ ընդհանուր առմամբ Անիկա է, որ մեզ երկնաւոր Հօր կը կապէ՝ մարդկութեան սիրոյն Քրիստոսի կատարած փրկագործութեան օրհնութիւնները ընդունելու եւ վայելելու միջոցաւ: Այդ օրհնութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Քրիստոսի անգին եւ սուրբ արիւնով կատարուած մեր մեղքերուն ու յանցանքներուն քաւութիւնն ու թողութիւնը (էջ 36):
Երկրորդ՝ «Յիսուս Քրիստոս ծնած է եւ ո՛չ թէ արարած է» յօդուածին հեղինակն է Անպա Մուսան:
Քրիստոսի Հօրմէն ծնունդի մասին Անպա Մուսան կը գրէ.
* Մարմնական ծնունդ չկայ, այլ աւելի հոգեւոր ծնունդ մըն է:
Հօրը Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին միջեւ բաժանում կամ անջատում չկայ:
Ուստի, Որդիին ծնունդը Հօրմէն.
ա.- Յաւիտենական է:
բ.- Հոգեւոր է:
գ.- Անվախճան է:
դ.- Անձի գծով հաւասար է:
Առաջին օրինակ.- Լոյս է՝ լոյսէն ծագած:
Ասիկա նիւթական չէ, այլ աննիւթական եւ անվախճան ծնունդ մըն է, որուն մէջ չկայ բաժանում լոյսին եւ կրակին միջեւ: Եւ թէեւ կրակը աղբիւրն է լոյսին, սակայն ժամանակի տարբերութիւն չկայ իրենց միջեւ, որովհետեւ հազիւ մոմը կը վառի, մենք կը տեսնենք կրակն ու լոյսը, որ միաժամանակ իրմէ կը ծնին:
Երկրորդ օրինակ.- Միտքէն ծնած մտածումը:
Միտքէն ծնող մտածումն ալ աննիւթական ծնունդ մըն է եւ ոչ թէ՝ մարմնաւոր: Ո՛չ մէկ բաժանում կայ մտքին եւ մտածումին միջեւ, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ մտածումը ստուար հեռաւորութիւններ ալ կտրէ եւ կամ հրատարակուի, միտքէն անջատ կամ բաժնուած չէ, այլ համակից է անոր, այսինքն՝ անբաժան է անկէ (էջ 49-50):
Երրորդ՝ «Քրիստոսի երկրորդ գալուստին եւ այդ գալուստը կանխող նշաններուն եւ նախադէպերուն մասին» յօդուածին հեղինակը դարձեալ Անպա Պիշոն է: Խօսելով Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստին մասին, կը գրէ.
* Ոմանք կրնան հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս Քրիստոսի երկրորդ ահաւոր եւ միւս անգամ գալուստին յիշատակը կը կատարենք: Միթէ կարելի՞ բան է երեւոյթ մը չպատահած անոր յիշատակը կատարել: Հաւատացեալը լաւ պէտք է գիտնայ, որ Պատարագի ընթացքին Ս. Սեղանին վրայ դրուած Ս. Հաղորդութեան մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը իր հետ կը բերէ մարդեղութեան, խաչելութեան, յարութեան եւ երկրորդ գալուստի բոլոր իմաստները: Պատարագի Ս. Սեղանին վրայ գոյութիւն ունեցող Քրիստոսի Ս. Մարմինը՝ նոյնն է, որ ծնաւ Ս. Կոյսէն, Ան է, որ մեր սիրոյն խաչ-ւեցաւ, թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ երկինք համբարձաւ եւ նոյն Ինքն է, որ երկրորդ անգամ պիտի գայ: Ան, որ Քրիստոսի Ս. Մարմինով ու Արիւնով կը հաղորդուի, յաւիտենական կեանքի երաշխիքը կը ստանայ: Այս իմաստով, ինչպէս որ մենք Քրիստոսի խաչելութեան եւ յարութեան յիշատակը կ՚ապրինք, նոյնպէս կ՚ապրինք յիշատակը Անոր երկրորդ գալստեան եւ ամբողջական սրտով կը պատրաս-տըւինք երկինքէն եկող այս ահաւոր եւ փառաւոր երկրորդ գալուստին (էջ 90-91):
Չորրորդ՝ «Սուրբ Երրորդութեան վարդպետութեան բացատրութիւնը» յօդուածին հեղինակը եւս Անպա Պիշոյն է: Սուրբ Երրորդութեան մասին Անպա Պիշոյ հետեւեալը կը գրէ.
* - Հայրը Աստուած է ըստ էութեան (բնութեան) եւ աղբիւր՝ ըստ անձնաւորութեան:
- Որդին Աստուած է ըստ էութեան (բնութեան) եւ ծնունդ՝ ըստ անձնաւորութեան:
- Ս. Հոգին Աստուած է ըստ էութեան (բնութեան) եւ բխում՝ ըստ անձնաւորութեան (էջ 138): Եւ՝
* Հայրը Որդին չէ եւ ո՛չ ալ Որդին Հայր է: Որդին Հոգին չէ եւ ո՛չ ալ Հոգին Որդի է:
Հայրը Հոգին չէ եւ ո՛չ ալ Հոգին Հայր է: Երեքը ինքնուրոյն անձնաւորութիւն են, իւրաքանչիւրը Իրեն բացորոշ յատկութիւններով, սակայն մէկ են Աստուածութեամբ:
Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերը հաւասար կերպով մասնակից են մէկ աստուածային էութեան բոլոր բնայատկութիւններուն, սակայն իրարմէ կը զատորոշ-ւին անով՝ ինչ որ կը վերաբերի անձնաւորական բնայատկութիւններուն (էջ 139): Ինչպէս նաեւ՝
* Հայրը.- Սուրբ Երրորդութեան մէջ աղբիւրն է: Ան միւս երկու անձերուն էութեան եւ գոյութեան աղբիւրն է:
Որդին.- Ան Հօրմէն կը ծնի, բայց սոսկ Հօրը ստորոգելիներէն մէկը չէ, այլ ճշմարիտ գոյութեամբ անձ մըն է՝ սակայն Հօրմէն անբաժան, որովհետեւ Անոր Խօսքն է:
Սուրբ Հոգին.- Հօրմէն կը բխի եւ սակայն Հօրը ստորոգելիներէն մէկը չէ, այլ ճշմարիտ գոյութեամբ անձ մըն է՝ բայց Հօրմէն անբաժան, որովհետեւ Ան Աստուծոյ Հոգին է (էջ 139):
Հինգերորդ՝ «Ինչպէ՞ս ներկայացնել Սուրբ Երրորդութիւնը» յօդուածին հեղինակն է Հայր Տաուտ Լամէիին: Խօսելով Ս. Երրորդութեան մասին՝ կը գրէ.
* Ուստի, ի՞նչ է Ս. Երրորդութիւնը:
Ո՞վ է Հայրը մեզի համար:
Հայրն Աստուած մեզի համար մեր Հայրն է:
Երբ կ՚ըսենք. «Հայր մեր որ յերկինս ես», որո՞ւ հետ կը խօսինք: Սուրբ Երրորդութեան առաջին անձին՝ Հօրը հետ:
Յիսուս կ՚ըսէ, ամէն անգամ որ աղօթելու ըլլաս, մտիր քու սենեակդ, փակէ դուռդ եւ աղօթէ: Որո՞ւն պիտի աղօթես. բնականաբար Հօրը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ, քիչ մը ետք Ան աւելցնելով հետեւեալը պիտի ըսէ Իր աշակերտներուն. «Ինչ որ Հօրմէն խնդրէք Իմ անունովս, պիտի տայ ձեզի» (Յհ 16.23): Որովհետեւ՝ «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յհ 10.30):
Որդի Աստուածը Յիսուս Քրիստոսն է, որ ճշմարտապէս մարդ դառնալով՝ երկրի վրայ ապրեցաւ, մարդոց միջեւ շրջեցաւ եւ անոնք ճանչցան զԻնք, որ ճշմարիտ նախայաւիտեան Աստուածն է:
Սուրբ Հոգին ալ Աստուած է, որ մարդոց մէջ բնակեցաւ: Քրիստոսի խոստումին համաձայն Ան եկաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ:
Այս իմաստով՝ Սուրբ Երրորդութիւնը մեզի համար եղաւ Հայր, որ պատասխանատու եւ պաշտպան է մեզի: Ան Իր Միածին Որդին ղրկեց, որ մարդանալով մեզի պէս մարդ եղաւ, իբրեւ մեր Եղբայրը (Եբր 2.11-15) մեր մէջ բնակեցաւ (Յհ 1.14): Եւ Սուրբ Հոգին ալ գալով մեր մէջ բնակեցաւ (Յհ 14.17), որմէ ետք Անով կրցանք Հօրը հետ խօսիլ, ըսելով՝ Քրիստոսի սիրոյն Դուն իմ Հայրս ես (հմմտ. Հռ 8.15):
Ուստի, Ս. Երրորդութիւնը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ մեր կեանքին ու աղօթքներուն մէջ (էջ 176-177): Եւ՝
* Սուրբ Երրորդութիւնը աստուածային բնութեան եւ էութեան կողմէ մէկ Աստուածութիւն, մէկ բնութիւն եւ մէկ էութիւն է: Իսկ կան անձնական յատկութիւններ, որոնք անձերէն մէկուն կամ միւսին յատուկ են:
Անձնաւորութեան տեսակէտէն Հայրը Հայր է, Որդին Որդի է եւ Ս. Հոգին ալ՝ Հոգի է: Անձնաւորութեան մէջ անոնք իրարմէ կը տարբերին գործունէութեամբ, իսկ Աստուածութեան եւ էութեան մէջ՝ անոնք մէկ են (էջ 186-187):
Վեցերորդ՝ «Եկեղեցական հայրերու մտածողութեան մէջ մարդու փրկութեան համար Քրիստոսի մարդեղացման անհրաժեշտութիւնը» գրութեան հեղինակն է տքթ. Մորիս Թաուտրոս: Հեղինակը Քրիստոսի մարդեղացումին մասին կը գրէ.
* Քրիստոս մարդացաւ, որպէսզի՝
ա. Օրէնքին ազդեցութիւնը խափանէ, որովհետեւ մարդը կորուստի եւ մահուան դատապարտուած էր: Այսպիսով, ամբողջ մարդկութիւնը Քրիստոսի մէջ մեռաւ Օրէնքին դիմաց, որովհետեւ Օրէնքը իր իշխանութիւնը կատարած եղաւ Տիրոջ մարմինին վրայ, ուստի՝ այլեւս չէր կրնար իր ճիրաններուն մէջ բանտել մարդը, որուն համար եւ փոխարէն Քրիստոս Ինքզինք զոհեց:
բ. Անգամ մը ապականած մարդը վերականգնէր իր նախկին անապական վիճակին մէջ եւ մահէն կեանքի կոչէր զայն՝ Իր յարութեան շնորհքով, ազատագրելով զայն մահուան գերութենէն (յարդը կրակէն ազատելու օրինակին պէս):
Աստուծոյ Բանը՝ Քրիստոս տեսաւ, որ մարդուն ապականութիւնը միայն պայմանաւորուած մահով կարելի է վերցնել, մաքրել ու խափանել: Եւ որովհետեւ անկարելի էր Իրեն համար, որպէս Աստուծոյ Բանը մահուան ենթարկուիլ, քանի որ Աստուծոյ Որդին է եւ անմահ է, այդ պատճառով ալ Իրեն համար ընտրեց մահուան ենթակայ մարմին մը, որպէսզի միաւորուելով Բանին հետ, որ ամէն բանէ գերիվեր է՝ կարելի ըլլար բոլոր մարդկութեան փոխարէն ինքը մեռնիլ: Եւ որպէսզի մարմինը անապական մնայ եւ կարենայ բոլոր մարդկութիւնը ազատագրել ապականութենէն՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ անապական մնաց՝ Բանին հետ միաւորուած ըլլալուն շնորհիւ:
Ուստի՝ Քրիստոս Իր մարմինը իբրեւ անարատ զոհ ու պատարագ յանձնեց մահուան, որպէսզի մեզմէ վերցնէ մահուան դատավճիռը:
Աստուծոյ Բանը ամէն բանէ գերիվեր ըլլալով, բնականաբար միայն Իրեն կը վայելէր մահուան պարտամուրհակը Իր մահով վճարելը, Իր մարմնեղէն տաճարը մարդկային կեանքին համար իբրեւ փրկագին մատուցելով: Ուստի՝ անապական Աստուծոյ Բանը նոյն բնութեամբ միաւորուեցաւ բոլորին հետ եւ բոլորին հագցուց անապականութիւնը՝ մեռելներէն յարութիւն առնելու խոստումով, որովհետեւ մահուան ապականութիւնը դադրեցաւ մարդոց վրայ իշխանութիւն ունենալէ, եւ այդ ալ՝ «Բանին» շնորհիւ, որ աշխարհ գալով մարդոց մէջ բնակեցաւ:
Եթէ Քրիստոս մեր մարդկային բնութիւնը Իր վրայ առնելով չմարմնանար եւ որպէս ծառայ չյայտնուէր, եւ եթէ մարդկութեան Փրկիչը չըլլար, Աստուծոյ Որդին՝ որ մեր մէջ բնակեցաւ, որպէսզի մահուան պարտամուրհակը մեր փոխարէն Ինք վճարէ՝ վերջ դնելով մահուան, ապա մարդկային ցեղը վաղուց կորսուած էր (էջ 192-193):
Եօթներորդ՝ «Քրիստոսի երեւումները Հին կտակարանին մէջ» աշխատասիրութեան հեղինակն է Անպա Պիշոյ: Հին կտակարանին մէջ Տէր Յիսուսի մասին եղած մարգարէութիւններուն շուրջ կը գրէ.
* Այն՝ ինչ որ կը վերաբերի Քրիստոսի ծննդեան, ծառայութեան, չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան, թաղումին, մեռելներէն յարութեան եւ երկինք համբարձումին, այս բոլորը գրուած են Հին կտակարանի գիրքերուն մէջ: Հազարաւոր տարի առաջ Տէրը խորհրդանիշներով պատրաստեց Իր մարդեղացումը, ինչպէս ջրհեղեղով, Իսահակի զոհագործումով եւ այլ կատարումներով:
Կարեւոր մարգարէութիւններէն մէկն է նաեւ Եսայիի մարգարէութեան 53-րդ գլուխը, որ կը խօսի տառապող ծառային մասին, որ իր անձը իբրեւ կենդանի զոհ կ՚ընծայաբերէ Հօր Աստուծոյ եւ Աստուած կ՚ընդունի անոր զոհողութիւնը: Մարգարէն կ՚ըսէ. «Վիշտերու տէր եւ ցաւերու տեղեակ եղաւ… Տէրը մեր ամէնուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ… Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս… անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ դրուեցաւ, բայց երբ մեռաւ, հարուստին հետ եղաւ… իր անձը մեղքի համար ողջակիզեց…» (Ես 53):
«Ամբարիշտներուն հետ», այսինքն՝ իր կողքին խաչուող աւազակներուն հետ եւ «երբ մեռաւ, հարուստի հետ եղաւ», այսինքն՝ Յովսէփ Արիմաթացիի սեփական գերեզմանին մէջ: Հակառակ անոր, որ հրեաներ որճրագործներու գերեզմանը փորեցին, որպէսզի այնտեղ դնեն Տիրոջ մարմինը, բայց Յովսէփ Արիմաթացին եւ Նիկոդեմոս խնդրեցին Պիղատոսէն Տիրոջ մարմինը եւ արտօնուեցաւ անոնց, ապա Աստուածորդիին մարմինը առնելով՝ դրին մեծահարուստ Յովսէփ Արիմաթացիի գերեզմանին մէջ:
«Երբ մեռաւ» կ՚ըսէ, ասիկա կը նշանակէ, որ Քրիստոս իրապէս մեռաւ. ինչ որ նաեւ վկայութիւն եւ ապացոյց է անոր ճշմարտապէս մարդ դառնալուն: Իսկ երբ «Իր անձը մեղքի համար ողջակիզեց… Տէրը մեր ամէնուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ… իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, քանզի անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրէ» (Ես 53) կ՚ըսէ, այս բոլորը յստակ ցոյց կու տան, որ Աստուած ընդունեց իրեն ընծայուած այդ մարդկային զոհը, բայց մատուցուածը պարզ մարդկային զոհ մը չէր բնականաբար, այլ մարդկային բնութեամբ յայտնուած կենդանի Աստուծորդիին ինքնամատուցումն էր, Աստուծոյ անարատ Գառնուկին զոհն էր… (էջ 208-219):
Ութերորդ՝ «Յիսուս Քրիստոսի անուններն ու տիտղոսները համաձայն Եկեղեցւոյ աւանդութեան» գրութեան հեղինակն է տքթ. Մորիս Թաուտրոս: Իր այս գրութեան մէջ կ՚անդրադառնայ Տէր Յիսուսի անուններուն-տիտղոսներուն՝ Մեսիա, Ճամբայ, Դուռ, Հովիւ, Արդար, Իմաստութիւն, Ճշմարտութիւն, Բան, Քրիստոս, Էմմանուէլ, Մարդ եւ այլն։ Այս անուններուն եւ տիտղոսներուն մասին բացատրութիւններ կու տայ, մէջբերումներ կատարելով Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու գրութիւններէն:
Իններորդ՝ «Պատասխան՝ Եհովայի վկաներուն» գրութեան հեղինակն է Անպա Պիշոն, որ մանրամասնօրէն կը ներակայցնէ Եհովայի վկաներուն աղանդը, կու տայ բացատրութիւններ անոնց սխալ ուսուցումներուն եւ վարդապետութեան մասին, ինչպէս նաեւ յստակ կերպով կը մատնանշէ անոնց որդեգրած քայլերը, որոնց միջոցով կը փորձեն մարդիկը խաբել: Անպա Պիշոն կը խօսի մի քանի Աստուածաշնչական համարներու մասին, որոնք Եհովայի վկաները սխալ կերպով կը բացատրեն, որովհետեւ անոնք կը հիմնուին մէկ կամ միայնակ համարի մը գործածութեան վրայ (տե՛ս էջ 329-330) ինչպէս նաեւ կը թուարկէ որոշ կէտեր, որոնք Եհովայի վկաները կը մերժեն կամ սխալ կերպով կը բացատրեն, ինչպէս Սուրբ Հոգիին Աստուածութիւնը ուրանալը (էջ 324-325), Հրեշտակներու եւ մարդոց մասին անոնց թիւր բացատրութիւնները (էջ 325-326), երկրաւոր իշխանութիւններու (էջ 327) եւ արեան փոխներարկումի (էջ 327-328) մասին անոնց սխալ ուսուցումները, եկեղեցին իբրեւ կռապաշտական պաշտամունքի վայր անոնց նկարագրութիւնը (էջ 328-329), Քրիստոսի յարութեան ուրացումը (էջ 330-334):
Այստեղ մէջբերենք Անպա Պիշոյի եկեղեցւոյ մասին Եհովայի վկաներու ունեցած թիւր ըմբռնումի մասին տուած լուսաբանութիւնը: Ան կը գրէ.
* Եկեղեցին իբրեւ կռապաշտական պաշտամունքի վայր
Եհովայի վկաներ սրբապատկերներու մեծարումը, խաչահամբոյրը եւ կամ եկեղեցւոյ Սուրբ Ծէսը կռապաշտական պաշտամունք կը նկատեն: Սուրբ Պատարագի Խորհուրդին մէջ նշխարն ու գինին Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինին ու արեան փոխակերպուելու գծով մեր հաւատքը, անոնք կը նկատեն կռապաշտական պաշտամունք, նոյնպէս եւ խորանին առջեւ երկրպագելը կռապաշտական պաշտամունք կը նկատեն:
Սաղմոսին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Բայց ես քու անչափ սիրոյդ ապաւինած, քու Տունդ պիտի մտնեմ, երկիւղածութեամբ դէպի սուրբ տաճարդ պիտի դառնամ ու երկրպագեմ» (Սղ 5.7), միթէ ա՞յս ալ կռապաշտութիւն էր: Ամէն ինչ որ կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ կռապաշտութիւն կը համարեն, նոյնիսկ խաչն ու Աւետարանը համբուրելը: Անոնք կ՚ըսեն, որ եկեղեցին սատանային բնակավայրն է, եւ այդ պատճառով ալ կ՚արգիլեն իրենց հետեւորդները եկեղեցիներ մուտք գործելէ: Իսկ ծայրայեղ պարագային, եթէ Եհովայի վկայ դարձածի մը ընտանեկան պարագաներէն մէկը ամուսնանայ եկեղեցւոյ մէջ, ան եկեղեցի չի մտներ, այլ դուրսը կը սպասէ՝ պարզապէս շնորհաւորելու համար նորապսակ զոյգը (էջ 328-329):
Աւարտին, խունկ եւ աղօթք Անպա Պիշոյի յիշատակին: Միւս կողմէ եկէք աղօթք առաքենք առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսզի Իր խոնարհ ծառաները՝ Անպա Մուսան, Մորիս Թաուտրոսը, Մակար Արք. Աշգարեանը, Հայր Տաուտ Լամէին եւ իրենց նմանները շարունակեն Աստուծմէ իրենց վստահուած հօտը «ուղիղ վարդապետութեամբ» խնամել, կրթել եւ դաստիարակել, զանոնք առաջնորդելով դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ