ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐՔԵՒ ՀԻՒՐՄԻՒԶԻ ՋՐԱՆՑՔԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի շփումները միշտ կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգը։ Բանակցութիւննե՞ր են անոնք փակ դռներու ետին, գաղտնի՞ ուղիներով կ՚ընթանան։ Թէեւ առաջուան Իրանը չկայ, բայց, սա ամէն ինչ չի նշանակեր։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմի աւարտի վրայէն անցած է շուրջ երկու ամիս։ Իրանի եւ անոր շուրջ ստեղծուած պայմանները կը շարունակեն ուշադրութեան առանցքը հանդիսանալ տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներուն՝ բայց, մանաւանդ՝ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի պարագային։ Անշուշտ, այս բոլորին զուգահեռ կայ ուժեղ վարկած մը, թէ ԱՄՆ մեծագոյն օգտուողը հանդիսացաւ այս պատերազմէն։ Արդարեւ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը խորքային առումով «կերպարանափոխուեցաւ» ու ձեւով մըն ալ կորսնցուց իր կենսական խաղաքարտերէն մի քանի հատը։ Բայց եւ այնպէս, Իրան կը շարունակէ մնալ ազդեցիկ խաղացող մը ու պարզ է արդէն, որ այդ դիտանկիւնէն ԱՄՆ պիտի փորձէ ամէն գնով անոր հետ որոշակի համաձայնութեան մը հասնիլ։

Բախումներու ստուերին տակ կը թուի, թէ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան զերծ չեն մնացած փոխյարաբերութիւններու վերագնահատման փորձերէ։ Թէեւ հրապարակային մակարդակի վրայ Ուաշինկթընի վարչակազմը կը խստացնէ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցները, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, քանի մը աղբիւրներ կը նշեն, թէ Քաթարի եւ Օմանի միջնորդութեամբ գաղտնի շփումներ տեղի կ՚ունենան անոնց միջեւ։

Այդ բանակցութիւնները աւելի գործնական բնոյթ ունին՝ գերիներու փոխանակման, յստակ ելմտական միջոցներու ազատման կամ լարուածութեան սահմանափակման տեսակէտէ։ Սակայն, առանց միջուկային հիմնական համաձայնութեան՝ նման երկխօսութիւնները կը մնան կիսատ եւ անկայուն։ Բաց աստի, ամերիկեան վարչակազմը կը գտնուի ներքին քաղաքական զգայուն պահու մը մէջ՝ իբրեւ ընտրապայքարի նախօրեակ, երբ Իրանի հարցը դարձեալ վերածուած է բանավէճի նիւթի։ Այս իրավիճակը եւս կը խանգարէ յստակ ու ամբողջական քաղաքականութեան մը ձեւաւորումը։ Իսկ Իսրայէլ, իր հերթին, բացայայտ կասկածամտութեամբ կը դիտէ ԱՄՆ-ի իւրաքանչիւր նախափորձը՝ դէպի Իրան, որու ձեռքի զօրաւոր բանալիներէն մին է Հիւրմիւզի ջրանցքը։

Այս պայմաններուն մէջ դիւանագիտական ուղին կը մնայ բաց, բայց, ծածկուած մշուշով։ Եւ ամէն անգամ, երբ Թեհրան կը դիմէ Հիւրմիւզի ջրանցքի հարցով ճնշումի, Ուաշինկթըն կը պատասխանէ՝ ընդգծելով բանակցութիւններու կարեւորութիւնը, նաեւ ուժեղացնելով իր ռազմածովային ներկայութիւնը։ Անշուշտ, Իրանի համար Հիւրմիւզի ջրանցքը ո՛չ միայն աշխարհագրական, այլեւ քաղաքական ու տնտեսական կարեւորագոյն ճնշման միջոց մըն է։ Այս ջրանցքը, որ կը կապէ Պարսից ծոցը Օմանի ծոցին հետ, կը հանդիսանայ նաւթամը-թերքի արտահանման աշխարհի երկրորդ կարեւորագոյն եւ հիմնական ուղին։ Ամէն օր մօտաւորապէս 17 միլիոն տակառ նաւթ կը տեղափոխուի Հիւրմիւզի ջրանցքով։ Այս վիճակագրութիւնը ինքնին կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այս անցքին շուրջ իւրաքանչիւր մեթրը ռազմավարական հաշիւներու առարկայ է։ Եթէ Իրան որոշէ փակել ջը-րանցքը՝ այսինքն արգիլել միջազգային նաւարկութիւնը կամ չստեղծել անվտանգ միջավայր, ապա կրնայ սպառնալ այդպիսով ցնցել համաշխարհային նաւթայի շուկան։ Այս խաղաքարտը միշտ ալ մնացած է Իրանի բանակցային հիւսուածքին մէջ։ Յամենայնդէպս, վերջին բախումներէն ետք Թեհրանի յայտարարութիւնները աւելի յստակ դարձուցին, թէ այս անգամ տեսական սպառնալիքը կրնայ վերածուիլ աւելի տեսանելի քայլերու։

Այստեղ կը նկատուի ճնշումի հոգեբանութիւն մը՝ Իրանի ոճով։ Հիւրմիւզի ջը-րանցքի փակումը ռազմական գործողութիւն չէ, այլ քաղաքական զէնք։ Իրան այս դրութիւնը օգտագործած է տարիներ շարունակ՝ մասնաւորապէս, երբ ԱՄՆ-ի կամ արաբական դաշինքի հետ սուր հակադրութեան մէջ կը գտնուէր, իսկ այսօրուայ իրադրութիւնը տարբեր է։

Նա՛խ, միջազգային առեւտուրը արդէն իսկ լուրջ ճնշումի տակ է՝ Ուքրայնայի պատերազմէն ի վեր։ Երկրորդ՝ Չինաստան, որ Իրանի նաւթի գլխաւոր սպառողն է, աւելի ու աւելի ճնշում կը բանեցնէ անոր վրայ։ Փեքին Թեհրանէն կ՚ակնկալէ, որ Պարսից ծոցին մէջ հաւասարակշռութիւնը չխախտուի։ Երրորդ՝ ԱՄՆ ունի հրաշալի պատրուակ մը՝ ռազմածովային ուժերու ներկայութիւնը կրկնապատկելու համար՝ իբրեւ միջազգային անվտանգութեան պահակ։

Իրանի խաղաքարտերը արդեօք այնքան ուժե՞ղ են՝ որքան իրեն կը թուին։ Պատասխանը ո՛չ է։ Այո՛, Հիւրմիւզը անփոխարինելի բանալի մըն է Թեհրանի ձեռքին, բայց, միեւնոյն ժամանակ, օգտագործման պարագային կրնայ վերածուիլ երկսայրի սուրի մը, որու սրածայր կողմը ուղղուած պիտի ըլլայ նոյնինքն իր դէմ։

Վերջին պատերազմէն շուրջ երկու ամիս անց, ըստ երեւոյթին, Իսրայէլ եւ Իրան պատրաստ չեն մեծածաւալ նոր պատերազմի մը։ Վերջերս աշխարհ ականատես դարձաւ այնպիսի բախման մը, որուն սպառնալիքները տարիներ շարունակ օդին մէջ կախուած էին, բայց, երբեք չէին վերածուած բաց պատերազմի մը։ 11-օրեայ պատերազմէն առաջ, 2024-ի ապրիլին պատահեցան Իսրայէլի հարուածները Իրանի կեդրոնական շրջաններուն դէմ։ Իսրայէլ անակնկալ հարուածներ տուաւ նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի կարեւոր յենակէտերուն։ Իր կողմէ, Իրան փոխադարձեց ուղիղ թիրախաւորելով Իսրայէլի տարածքը։ Տեսքը համարձակ էր, բայց, նաեւ չափաւոր, որովհետեւ կողմերը պարզապէս փորձեցին սահմանել կարմիր գիծեր՝ հեռու մնալով ամբողջական պատերազմի մը բեմագրութենէն։ Այս բախումէն վերջ պարզ դարձաւ բան մը. Իսրայէլ եւ Իրան տակաւին պատրաստ չեն լայնածաւալ նոր պատերազմի մը, բայց, երկուստեք կը փնտռեն ճնշման այնպիսի միջոցներ, որոնք կրնան ազդել առկայ դիրքորոշումներուն վրայ։ 11-օրեայ պատերազմը, անշուշտ, տեղի ունեցաւ՝ նախապատրաստելու համար ԱՄՆ-Իրան բանակցութեանց նոր փուլ։

Թեհրան քրտնաջան ռազմավարութիւն մը որդեգրած է, սակայն, ոչ-պատահական սպառնալիք մը։ Հիւրմիւզի ջրանցքին վերաբերեալ պատահական յայտարարութիւններ չեն հնչեր։ Իրան այս նիւթը կը գործածէ՝ որպէս քայլ առ քայլ ուժի ցուցադրութիւն։ Ամէն անգամ, երբ արտաքին ճնշումը կը սաստկանայ, պատժամիջոցներու եւ սահմանափակումներու մասին կը բարձրաձայնուի, գրաւոր բանաձեւեր կ՚ընդունուին ՄԱԿ-ի կամ ՆԱԹՕ-ի կողմէ, ապա Հիւրմիւզի նիւթը կը յայտնուի օրակարգի վրայ՝ որպէս հակազդեցութեան գործօն։ Ներկայիս ալ, երբ Իսրայէլ-Իրան պատերազմէն ետք միջազգային հարթակի վրայ խորունկ վերլուծութիւն կը կատարուի, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը կը մօտենա՞յ նոր պատերազմի մը, Իրան չի զլանար՝ այս ջրանցքը լարուածութեան առանցքին պահել։ Ճիշդ այս պատճառով, Իրանի յայտարարութիւնները պէտք չէ ընկալուին՝ որպէս սպառնալիքներու պոռթկում, որովհետեւ անոնք ռազմավարական պատգամներ են։ Այս կէտին վրայ կը ծագի նաեւ հետեւեալ հարցումը. արդեօք սա Թեհրանի ձեռքի վերջի՞ն սակարկութեան նիւթն է։ Ներկայիս ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Իրան կը փորձէ հաւասարեցնել իր դիրքը միջազգային բանակցութիւններու մէջ։ Կորիզային համաձայնագրի բացակայութիւնը, պատժամիջոցները եւ տարածաշրջանի երկիներու կեցուածքը Իրանը տկարացուցած են տնտեսապէս։ Հիւրմիւզի ջրանցքը, այս իմաստով, կը մնայ վերջին գործօնը, զոր ան կրնայ օգտագործել՝ որպէս սակարկման աղեղ։

Իրան շատ լաւ կը գիտակցի, որ եթէ Պարսից ծոցի կայունութեան հանդէպ վստահութիւնը կորսուի, ապա վնասը համաշխարհային պիտի ըլլայ։ Միաժամանակ, Թեհրան կը համոզուի, թէ առանց ճնշման՝ իրեն հետ լուրջ բանակցութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Հիւրմիւզը այս պահուն վերածուած է քաղաքական գործօնի մը, որու պայմանաւորած հարթակի վրայ հիմնական խաղացողը կը շարունակէ մնալ իսլամական հանրապետութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Օգոստոս 2, 2025