ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒԼՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱ՞Ն
Մարդկային յարաբերութիւններու խորքը ուսումնասիրելով՝ կը տեսնենք, որ բարութիւնը միշտ կեդրոնական դեր ունեցած է հասարակութեան բարոյական հիմքը կառուցելու գործին մէջ։ Սակայն, ժամանակակից աշխարհը, որ յաճախ մրցակցութեան, անձնական շահի եւ ուժի ցուցադրութեան վրայ հիմնուած է, սկսած է տարբեր աչքով մը դիտել բարութիւնը, ինչ որ շատերու համար դարձած է ո՛չ թէ արժէք, այլ՝ տկարութեան նշան։
Շատերու միտքին մէջ բարութիւնը կը կապուի խոնարհութեան, ներումի եւ մարդասիրութեան հետ։ Ազնուութիւնն ու բարութիւնը յաճախ կը դասուին բնական ու անմիջական վարքեր, մարդկային հոգեկան առողջութեան եւ հոգեւոր բարձրութեան տեսակէտէ: Բայց երբեմն՝ յատկապէս մերօրեայ աշխարհին մէջ, բարութիւնը կը դիտուի որպէս թուլութիւն կամ ինքզինք պաշտպանելու անկարողութիւն։ Այս պատճառով կը քննարկուի այն հարցը, թէ արդեօք բարի ու ազնիւ վարքը կը բխի կենսական ներքին ուժո՞վ, թէ ընդհակառակը՝ պատճառն է դեռահասութեան, թուլութեան կամ պաշտպանական անզօր վիճակի: Արդեօք ճի՞շդ է այդ ընկալումը։
Բարութիւնն ու ազնուութիւնը յաճախ կը բնորոշուին որպէս պարտք՝ ինքզինք համեստացնելու, խոնարհութեան ու խղճի հանգստութեան համար։ Այսպէս՝ ոմանք կը բնորոշեն բարութիւնը որպէս անզօրութեան արձագանգ։ Այս տեսակէտը յառաջ կը քշուի, որ երբ մարդ ինքն իրեն ուժեղ չի զգար, կամ ունի սահմանափակումներ՝ տնտեսական, հոգեւոր, հոգեբանական, երբ կը զգայ ներքին թերութիւն, ինքզինք կը պարտաւորէ տալ այն, ինչ որ ուրիշներէն կ՚ուզէ ստանալ։ Այս տեսանկիւնէ, բարութիւնը կը դառնայ՝ «փոխզիջում», ոչ թէ բնական արտայայտում։
Բարութիւնը պէտք չէ շփոթել թոյլ ըլլալու հետ։ Իրական բարութիւնը որոշում մըն է. մարդ գիտակցաբար կ՚ընտրէ բարի ըլլալ, նոյնիսկ երբ կարելի է հակառակ կողմ երթալ։ Երբ մարդը կրնայ վնասել, սակայն կը փափաքի օգնել, սա ուժ մըն է։
Երբեմն մարդիկ, որոնք բարի կ՚երեւին, կը հանդիպին շահագործման։ Օրինակներով լի է աշխարհը, ուր բարութիւնը շահարկուած է, մարդիկ թերագնահատուած են իրենց նուրբ բնաւորութեան պատճառով։ Սա կը նշանակէ, որ պէտք է նաեւ զուսպ ու զգօն ըլլանք՝ զանազանելու ե՛րբ բարի ըլլալ եւ ե՛րբ՝ խիստ։
Միւս կողմէ, նշենք, որ մշակութային եւ փիլիսոփայական համակարգերու մէջ, բարութիւնը կրնայ ծառայել որպէս ուժի ցուցադրման միջոց։ «Ես այնքան հզօր եմ, որ կրնամ բարի ըլլալ». սա կ՚ենթադրէ չափազանց մեծ ինքնավստահութիւն՝ ուրիշներէ կախեալ չըլլալու համատեսքին մէջ։ Այս տեսանկիւնէն, բարութեան արտայայտութիւնը պարտք չ՚ըլլար, այլ՝ ընտրութիւն, շքեղութիւն՝ խորհրդանշելով հզօրութեան հանգամանքը։
Բարութիւնը կրնայ պատասխանատուութեան արտայայտութիւն ըլլալ՝ նկատի ունենալով մարդոց ներքին խոցելիութիւնները։ Եթէ գիտակցաբար փորձես բուժել, «զանգուածացնել» ու աճեցնել սեփական ուժդ՝ նպատակդ ո՛չ թէ պարտք տալն է, այլ՝ նուիրել ամբարած ուժդ՝ հաւասարօրէն, սիրով եւ ազնուութեամբ։
Բարութիւնը նաեւ իմաստութիւն է։ Ան ինքնագիտակցութիւն եւ ներքին ուժ կը պահանջէ։ Շատ աւելի դիւրին է ցասումով արձագանգել, քան ներել։ Շատ աւելի դիւրին է պատժել, քան կարեկցիլ։ Բայց իսկական ուժը այն է, երբ կրնաս կանգնիլ անարդարութեան դէմ առանց ատելութեան։
Բարութիւնը ո՛չ երբեք տկարութիւն է, ո՛չ ալ անզօրութեան արտայայտութիւն։ Իրական բարութիւնը գիտակցուած ընտրութիւն մըն է այն մարդոց մօտ, որոնք կրնան վնասել, սակայն կը փափաքին օգնել։ Բարութիւնը կը բխի ներքին ուժէն, ո՛չ թէ արտաքին թուլութենէն։ Եթէ մէկը կրնայ վը-րէժխնդիր ըլլալ, բայց կը նախընտրէ ներել, սա անոր ոգեղէն բարձրութեան եւ հոգեւոր հզօրութեան արտայայտութիւնն է։
Որոշ պարագաներու մէջ բարի մարդոց հանդէպ կը ցուցաբերուի շահագործում։ Աշխարհը լի է այն դէպքերով, ուր բարի անձեր ենթարկուած են խաբէութեան, կամ իրենց հանդարտ բնաւորութիւնը ընդուն-ւած է որպէս խոցելիութիւն։ Բայց այդ փոր-ձառութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան, որ մէկը հրաժարի բարութենէ։ Սա միայն կը վկայէ, որ բարի ըլլալու կողքին, մարդ պէտք է զանազանէ՝ ե՛րբ կ՚արժէ տալ եւ ե՛րբ պէտք է սահմաններ գծել։
Բարութիւնը խիզախութիւն է։ Աշխարհի դէմ կանգնիլ, ուրիշին հանդէպ սէր եւ կարեկցութիւն ցուցաբերել՝ երբ նոյն այդ աշխարհը քեզ կը մղէ կասկածելու, պաշտպանուելու եւ ինքզինքդ զօրացնելու. այս բոլորին մէջ բարի մնալը իրական ուժ է։ Իսկական զօրաւորը ո՛չ թէ ան է, որ կը գոչէ ու կը սպառնայ, այլեւ ան՝ որ հանդարտ մնալ գիտէ երբ ներաշխարհը փոթորկոտ է։
Աւելին՝ բարութիւնը կը կերտէ վստահութիւն, մարդկայնութիւն եւ հասարակական ներդաշնակութիւն։ Երբ մենք բարի ենք ուրիշներու հանդէպ, անոնք իրենք զիրենք արժէքաւոր զգալով, աւելի դիւրին կը փոխադարձեն այդ բարիքը։ Այս ձեւով, բարութիւնը միայն անհատական արժանիք չէ, այլ՝ հաւաքական շինարարական գործօն մը։
Արդարեւ, բարութիւնը ներքին ամրութեան նշան մըն է։ Բարութիւնը այն է, երբ մարդը կը վարէ զսպում, իմաստութիւն եւ սէր՝ նոյնիսկ դաժան աշխարհի մը մէջ։ Մարդիկ, որոնք բարի են, իրական հսկաներ են, որոնք փափուկ ձայնով կը խօսին, բայց հաստատ ոգիով կ՚ապրին։
Բարութիւնը տկարութիւն չէ, այլ ներքին առաքինութիւն մըն է։ Սա պահանջկոտ ճանապարհ մըն է՝ լի ինքնաքննութիւնով, գիտակից ընտրութեամբ եւ անընդհատ ջանքով։ Անոնք, որոնք կրնան բարի մնալ դաժան միջավայրի մը մէջ, իսկական ուժի կիզակէտին կը կանգնին։ Ուստի, բարութիւնը ո՛չ թէ թոյլերու վերջին փրկութիւն մըն է, այլ՝ ուժեղներուն լուռ յաղթանակը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ