Խնկօ Ապէր (Աթաբէկ Խնկոյեան, 1870-1935). Սիրուած Մանկագիրն Ու Շնորհալի Առակագիրը
8 Հոկտեմբերին կ՚ոգեկոչենք մահուան 80-ամեակը հայ գրականութեան շնորհալի մանկագիր եւ սիրուած առակագիր Խնկօ Ապէրի, որ իր պարզ, հաղորդական եւ կրթիչ ստեղծագործութիւններով ու մանկավարժական երկարամեայ գործունէութեան վաստակով՝ փնտռուած անուն է հայոց սերունդներուն համար, հայ մշակոյթի ու հայեցի արժէքներու սէրն ու պաշտամունքը սերմանելով անոնց ներաշխարհին մէջ։
Աթաբէկ Խնկոյեան ծնած էր Սպիտակի գիւղերէն Ղարապոյայի մէջ, 1870 թուականին, Յովհաննէս Խնկոյեանի նահապետական յարկին տակ։ Ան կոչուած էր անմահանալու հայ գրականութեան մէջ Խնկօ Ապէր գրչանունով՝ իր ուրոյն տեղը գրաւելով հայ ժողովուրդի արժանաւոր մանկագիրներու եւ առակագիրներու շարքին։ Խնկօ Ապէր ապրեցաւ վաթսունհինգ տարի եւ իր կեանքին մեծ մասը ամբողջապէս նուիրեց հայ մանկական գրականութեան, նաեւ՝ մանկավարժութեան։ Իր առակներով եւ մանկական աշխարհը ջերմացնող գործերով՝ դարձաւ նորահաս սերունդներու սիրուած գրողը։ Եւ հայ ժողովուրդը ըստ արժանւոյն գնահատեց վաստակաշատ իր գրողին՝ անոր ծննդավայրը յետ մահու վերանուանելով Խնկոյեան։
Գիւղի վարժարանին մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, ընդունուեցաւ Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) քաղաքային դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1890 թուականին եւ նուիրուեցաւ ուսուցչութեան՝ քսան տարի Ան-դըրկովկասի հայաշատ տարբեր կեդրոններուն մէջ պաշտօնավարելով եւ, միաժամանակ, նուիր-ւելով գրական¬ստեղծագործական աշխատանքի։
1910 թուականին ան հաստատուեցաւ Թիֆլիզ, ուր ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Ս. Լիսիցեանի գիշերօթիկ վարժարանին եւ քաղաքային պետական դպրոցին մէջ։ Այդ տարիներուն Թիֆլիզ քաղաքը կ՚ապրէր իր փառքի դարաշրջանը, իբրեւ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան ամենէն ծաղկուն ու եռուն օճախներէն մէկը։ Խնկօ Ապէրի ստեղծագործական ծաղկումին եւ ժողովրդականութեան տարածման առումով եւս մեծապէս բարեբեր եղաւ թիֆլիզեան միջավայրը։
Ան եռանդով աշխատակցեցաւ ատենի հայ մամուլին՝ «Հասկեր», «Մաճկալ», «Աշխատաւոր» եւ այլ պարբերականներու։ Խնկօ Ապէր արդէն հռչակուած մանկագիր ու վաստակաւոր մանկավարժ էր, երբ Հայաստանի անկախացումէն ետք տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր նոր թափով շարունակեց իր ծառայութիւնը։
Խնկօ Ապէր հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց 1890 թուականին՝ «Բանաստեղծական փորձեր» գրքոյկով, ուր ի յայտ եկաւ հետագայ առակագիրի եւ մանկական երեւակայութիւնը գերող մանկագրի անոր բնատուր արժանիքը։ Բեղուն գրիչ եղաւ իրը եւ հայ գրականութեան տուաւ առակներ, հէքգաթներ, երկարաշունչ բանաստեղծութիւններ։ Նաեւ թարգմանական մարզի մէջ արգասաւոր գրիչ մը եղաւ՝ մանկական գրականութեան աշխարհահռչակ գործերը հայացնելով։ Իր ժողովրդային, պարզ ու հաղորդական լեզուամտածողութեամբ գրաւեց ընթերցող լայն հասարակութիւն։
Յատկապէս Թիֆլիզ հաստատուելէ ետք Խնկօ Ապէր լոյս ընծայեց իր հռչակաւոր գործերը՝ «Աղուէսն ու արջը», «Գող Մաքին», «Առակներ»ը, «Մկների ժողովը» եւ «Գայլն ու գառը»։ Անոր մանկական բանաստեղծութիւնները՝ «Ծաղկանց ծովը», «Մեղուն», «Բկլիկ ձկնիկը», «Ճանճը» եւ շատ ուրիշներ հայ նորահաս սերունդներու սիրուած ոտանաւորները եղան։
Խնկօ Ապէրի գրական ժառանգութիւնը կը հաշուէ շուրջ 120 ինքնուրոյն եւ թարգմանական՝ հայացուած գիրք։ Մանկական գրականութեան համաշխարհային գլուխ գործոցները, ինչպէս «Քնած արքայադուստրը» եւ «Ռոբինսոն Կրուզոն», հայ նորահաս սերունդները կարդացին եւ իւրացուցին Խնկօ Ապէրի հայացումով։
Նաեւ իբրեւ մանկավարժ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Խնկօ Ապէր։ Երկար տարիներ գործածուեցան հայկական դպրոցներուն համար իր պատրաստած դասագիրքերը՝ «Մեր դպրոցը» եւ, խորհրդային տարիներուն, «Կարմիր արեւ»ը։
Խնկօ Ապէր իր աչքերը առյաւէտ փակեց 8 Հոկտեմբեր 1935-ին եւ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի Պանթէոնին մէջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ