ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐԸ

«Լեզուս, որ մարմինիս շէնքին մէջ քու փառաբանութեանդ գործիքն է, բանսարկուին հովը ամրափակ խցումով գոցեց ամրացուց. ո՛վ կենդանի Խօսք, Հոգիիդ մեծ ողորմութեան ներգործութեամբը, ինծի՛ ալ, ինչպէս Աւետարանի բժշկուած համրին, անսայթաք խօսողութեան հրաշափառ շնորհքը պարգեւէ»։

ՆԱՐԵԿ ԲԱՆ ԺԸ 

Մարդ երբեմն չ՚անդրադառնար իր ձիրքերուն, յատկութիւններուն եւ կարողութիւններուն՝ լեզու ունի, չի խօսիր, ականջ ունի չի լսեր՝ կը լսէ, բայց չ՚իմանար, աչք ունի եւ չի դիտեր, կը դիտէ, բայց չի տեսներ։ Եւ այս իմաստով կը կորսնցնէ իր հարստութիւնները։

Ամէն կորսուածը փնտռո՛ղ մը ունի։

«Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը ոչխարը լերան վրայ եւ չ՚երթա՞ր փնտռելու կորսուած ոչխարը։ Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստա՛հ եղէք, որ աւելի՛ կ՚ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ իննսունինը ոչխարին համար՝ որոնք կորսուած չեն։ Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ՚ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 12-14)։

Սիրելի՜ բարեկամներ, այդ հօտը՝ ոչխարներու խումբը մենք են, ամէն մէկ ոչխարը մեզմէ մէկը. իսկ հովիւը՝ Յիսուս Քրիստոս։

Մարդ յաճախ կը սխալի, կը մոլորի եւ կը կորսուի, կը խաբուի, սակայն ճշմարիտ Հովիւը միշտ կը փնտռէ. մինչեւ որ գտնէ կորսուածը, քանի որ Ան երբեք չ՚ուզեր, որ կորսուի ոեւէ մէկը։ Ան տէրն է հօտին՝ խնամատարը եւ հոգածողը։ Արդարեւ, մարդ, բնականաբար կորուստներ կ՚ունենայ, մինչեւ իսկ ինքզինք կը կորսնցնէ, բայց պէ՛տք է գիտնայ, որ միշտ ունի Փնտռող մը՝ վստահելի եւ ապահով։

Կեանքը ովկիանոս մըն է. երբեմն խաղաղ, երբեմ փոթորկալից, մրրկալից, երբեմն հանդարտ, երբեմն ալեկոծ… բայց միշտ կայ հանդարտ նաւահանգիստ մը, քանի որ կայ վստահելի, հաւաստի եւ ապահով Նաւապետ մը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ միշտ կը հսկէ կեանքի ճամբորդները եւ ինչպէս է հօտին Հովիւը՝ քաջ Հովիւը։ Խաղաղութեան իշխանն է Ան…

Յիսուս, միշտ եւ ամէն պարագայի խաղաղութիւն կը խոստանայ մեզի։

Բայց եւ ընդհանրապէս չենք լսեր Անոր խօսքը, երբեմն կը լսենք Անոր ձայնը, սակայն չե՛նք իմանար, կը փակենք մեր ականջները։ Կորսուած ենք, բայց չենք անդրադառնար, որ կորսուած ենք, եւ կը մնանք կորուստի մէջ։ Բայց ունինք հաստատամիտ, հաւատարիմ, քաջ Հովիւ մը՝ որ երբեք չի վհատիր մեզ փնտռելու, եւ ի վերջոյ կը գտնէ եւ կը փրկէ մեզ, քանի որ Ան խաւարներու Լո՛յսն է։ Եւ Ան է, որ. «Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք Անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն». (ՅՈՎՀ. Ա 14)։

Մենք կ՚անտեսենք Ճշմարտութիւնը, չենք լսեր Անոր Խօսքը, կը լսենք երբեմն, բայց չենք իմանար։ Չենք վայելեր Անոր շնորհները. լեզու ունինք, բայց կը բամբասենք, կը չարախօսենք, կը ստախօսենք եւ ընդհանրապէս դատարկաբանութեամբ կը վատնենք մեր ժամանակը եւ փոխանակ օգտի վնաս կը պատճառենք։

Մինչդեռ, մեր լեզուն զԱստուած փառաբանելու գործիքն է. այն բոլոր շնորհներուն, պարգեւներուն եւ շնորհներուն համար եւ այդ բոլորէն ոչ մէկս զրկուած ենք, քանի որ անձրեւը կը տեղայ ամէնքին վրայ անխտիր, եւ արեւը կը ծագի բոլորին վրայ։ Եւ նոյնպէս, ականջ ունինք եւ ընդհանրապէս չենք լսեր զԱստուած։ Աչք ունինք եւ չենք տեսներ զԱստուած։

Բայց մեր ունեցածներով չգոհանալ, փառք չտալ՝ եթէ ոչ մահացու, բայց ծանր մեղք է, քանի որ կը վշտացնէ զԱստուած։ Եւ Աստուած առիթներ կը ստեղծէ, որ անդրադառնանք Ճշմարտութեան։

Աղօթենք, ուրեմն, որ Աստուած բանայ մեր աչքերը, մեր ականջները եւ լեզուն՝ տեսնելու, լսելու, իմանալու եւ փառք տալու՝ իր բազմաթիւ շնորհներուն համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 13, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025