ՀԱՄԵՐԳ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ
Մոնրէալի «Փլաս Տէ Զար» համերգասրահին մէջ, Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փանտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը՝ ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ» ստեղծագործութիւնը։ Համերգի ընթացքին նուագախումբը նուագեց նաեւ Պախէն, Պրամսէն եւ Պըրնըշթայնէն երաժշտական կտորներ։
Նշենք, որ Փենտերեցքիի մեծմայրը եղած է Սպահանէն հայուհի մը։ Աշխարհահռչակ յօրինողը մանուկ հասակին մեծմօր հետ ամէն Կիրակի յաճախած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի հայոց եկեղեցին։
Հարկ է նշել նաեւ, որ Փենտերեցքի յառաջիկայ Ապրիլին համերգով մը հանդէս պիտի գայ նաեւ քաղաքիս մէջ։