Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄԸ ՄԱՍԱՄԲ ՎԵՐՑՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը շարունակուի Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Երկրի դատական իշխանութիւնները նախընթաց օր մերժած էին Նորին Սրբազնութեան կալանքը դադրեցնելու միջնորդութիւնը։ Երէկ, Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի տեսակցութիւններու սահմանափակումները մասամբ դադրեցուեցան դատական որոշումով՝ բացառութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ շփումները։
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական առաջին ատեանին մօտ երէկ շարունակուեցաւ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեան մերժեց ինքնաբացարկ ներկայացնելու առաջարկը, որ Սրբազանի փաստաբաններուն կողմէ օրակարգի վրայ բերուած էր։ Դատավարութեան ընթացքին միջնորդութիւն մըն ալ ներկայացուեցաւ, որպէսզի դատավարութիւնը դռնփակ դրութեամբ շարունակուի։ Յամենայնդէպս, դատաւորը մերժեց այդ միջնորդութիւնը։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի փաստաբաններն են Երեմ Սարգսեան եւ Արա Զօհրապեան։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան կը մեղադրուի երկրի սահմանադրական կարգը տապալելու փորձերու մէջ։ Ամբաստանագրին մէջ նշուած է, որ ան այս ուղղութեամբ հրապարակային կոչեր հնչեցուցած է։ Սա Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի գործով արդէն երկրորդ դատական նիստն էր։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, փաստաբաններու ինքնաբացարկ ներկայացնելու պահանջին փոխարէն՝ դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեան ըսաւ հետեւեալը. «Միջնորդութեան հիմքին դրուած են բացառապէս դատարանի որոշումները, որոնք շահագրգիռ կողմի համար, այս պարագային՝ պաշտպանական կողմի համար գուցէ եղած են իրենց տեսանկիւնէն անընդունելի, ինչ որ դատարանի գնահատմամբ բաւարար փաստարկ մը չէ առ այն, որ սոյն դատարանը անկողմնակալ է։ Միջնորդութիւնը, ինչպէս նշեցի, անհիմն է, մերժելի է»։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը կը շարունակուի հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Բացի իրմէ, իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ ձերբակալուած կը մնալ նաեւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան եւ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան։