ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԹՐԱՄՓ ՄԷՋԲԵՐԵՑ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։ Ալասքայի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մէկտեղուելէ վերջ, երէկ, Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Ուաշինկթըն այս շրջանին Մոսկուայի եւ Քիեւի զարկերակը շօշափելով կը ջանայ հասարակաց յայտարար մը գտնել՝ հակամարտութեան վերջ դնելու եւ խաղաղութիւնը վերահաստատելու ճանապարհին։ Սպիտակ տան երէկուան իրադարձութիւնները առանձնապէս հետաքրքրական էին՝ քանի Թրամփ-Զելենսքի երկկողմանի զրոյցին յաջորդեց եւրոպացի ղեկավարներու մասնակցութեամբ՝ աւելի լայն ձեւաչափով գագաթաժողով մը։ 

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Թրամփ-Զելենսքի զրոյցը անցաւ դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Երկու ղեկավարներու նախորդ տեսակցութիւնը բնորոշուած էր բաւական լարուածութեամբ, իսկ այս անգամ թէ՛ միջավայրը աւելի տարբեր էր եւ թէ հանդիպման յաջորդած հրապարակումները շատ աւելի յոյս կը ներշնչեն հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Փութինի հետ ունեցած առանձնազրոյցէն վերջ, Զելենսքիի հետ տեսակցութեան ընթացքին Թրամփի պատգամները եւ ակնկալութիւնները շատ աւելի յստակ էին։ Արդարեւ, ամերիկացի ղեկավարը համոզուած է, թէ Փութին պիտի չհրաժարի Խրիմը վերադարձնելէ եւ Քիեւի ղեկավարութիւնն ալ պէտք չէ յոյս փայփայէ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան ուղղութեամբ։ 

Թրամփ երէկ Զելենսքիի հետ տեսակցելէ վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ։ Ան ընդգծեց, որ մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին պարզ կը դառնան հաւանական կարգաւորման նրբութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնեց Փութինի եւ Զելենսքիի մասնակցութեամբ՝ եռակողմանի ձեւաչափով գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ 

Կը հաղորդուի, որ Սպիտակ տան երէկուան քննարկումներու հրապարակային փուլերուն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Արդարեւ, Թրամփ ընդգծեց վերջին վեց ամիսներու ընթացքին միջազգային թէժ օրակարգի զանազան հարցերու շուրջ իր միջնորդութեամբ ապահովուած դրական արդիւնքները։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդգծեց նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան ճանապարհին առնուած վերջին քայլերը։ 

Թրամփի եւ Զելենսքիի երէկուան զրոյցէն անմիջապէս վերջ, Սպիտակ տան մէջ անոնց միացան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Ֆինլանտիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանտր Սթուպ, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի, ինչպէս նաեւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ։ 

Եւրոպացի ղեկավարները Թրամփի եւ Զելենսքիի առանձնազրոյցին միանալով քննարկումներուն նոր ծալքեր եւ երեսակներ տուին՝ մասնաւորապէս իրենց ուշադրութեան առանցքին էր Եւրոպայի անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովումը։

Անդրադառնալով որպէս խաղաղարար ուժ ամերիկեան զօրքերու Ուքրայնայի մէջ տեղակայման հաւանականութեան՝ Տանըլտ Թրամփ ըսաւ. «Մենք Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի հետ պիտի աշխատինք։ Բոլորին հետ պիտի աշխատինք եւ եթէ կայ խաղաղութիւն, այդ խաղաղութեան երկար յարատեւումը պիտի ապահովենք»։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն ալ դիտել տուաւ, պատերազմին վերջ տալու համար հակամարտ կողմերէն իւրաքանչիւրը կը պարտաւորուի զիջումներ ընելու։ Պետական քարտուղարը նշեց, որ ԱՄՆ այլեւս կը դադրեցնէ Ուքրայնայի համար զինամթերքի եւ գումարային օժանդակութիւնները։

Իր կարգին, Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ յայտնեց, որ տարածքներու վերաբերեալ խնդիրները վերջնականօրէն պիտի լուծուին իր եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025