ՅԻՍՈՒՍԻ ՔԱՂՑՐ ԱՉՔԵՐԸ

«Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։

Ո՞վ կրնայ տալ մէկուն սրտի խաղաղութիւն, մտքի հանդարտութիւն, յաւիտենական ապահովութիւն, բայց եւ միայն Յիսուս։ «Ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը, մէկ մեղաւորի համար, որ կ՚ապաշխարէ», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 7)։

Հաւատացեալը երբ Յիսուսի կը դիմէ, ինչո՞ւ հիւանդութիւն, ցաւ, վիշտ, տառապանք եւ մտահոգութիւններ կ՚ունենայ։ Յուսահատութեան սեւ, մութ ամպեր կը կուտակուին լուռ երկնակամարին վրայ եւ կը կարծէ, թէ կեանքին վերջալոյսը հասած է։ Աղօթքները չեն լսուիր եւ անպատասխան կը մնան։ Իր ստեղծած մութ երկնակամարին տակ կը ճնշուի։ Կը կարծէ, թէ այլեւս չկարենայ իր առօրեայ կեանքին վերադառնալ, պիտի չկրնայ եկեղեցի կամ այցելութեան երթալ։ Այն խաւար ժամանակներուն հո՛ն է Աստուած, որ կ՚ըսէ իր որդւոյն. «Մի՛ վախնար, որովհետեւ եւ քեզի հետ եմ։ Մի՛ զարհուրիր, քանի որ ես քու Աստուածդ եմ։ Քեզ պիտի զօրացնեմ եւ քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ եւ իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ». (ԵՍԱՅ. ԽԱ 10)։

«Աստուծո՛յ յուսա։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի», կ՚ըսէ առաքեալը. (ՅԱԿ. Ե 16)։

Հաւատացեալը պէտք է վստահ գիտնայ, որ մահուան շուքի ձորին մէջ, իր Տէրը իրեն հետ կը քալէ. (ՍԱՂՄ. ԻԳ), եւ կ՚առաջնորդէ զինք, եւ քաջաբար ըսելու է. «Ո՜վ իմ անձս օրհնէ Տէրը եւ Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար, որ կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 2-3), ինչպէս կ՚ըսէ սաղմոսերգուն։ Տէրը միշտ մեզի հետ է։ Եւ Տէրը երբեք չի թողուր իր որդիները, քանի որ Ան Հայր է. Արարիչ եւ Ամենախնամ Հա՛յր։ Վստահինք եւ ապաւինինք Իրեն։

Հաւատացեալը կ՚ունենայ նեղութիւններ, հոգեկան, մարմնական, նիւթական, ֆիզիքական դժուարութիւններ։ Յաճախ «չար»ը զօրաւոր կերպով կը յարձակի հաւատացեալին վրայ։ Կեանքի ծովուն եզերքը հասած է. ետեւը «թշնամի»ն հասնելու վրայ է, հո՛ն է Աստուած՝ միշտ ներկայ, միշտ պատրա՛ստ։

Հաւատացեալը պէ՛տք է «հաւատքի գաւազան»ը զարնէ ջուրերուն, եւ պիտի ցամաքով անցնի միւս կողմը։ Բարձրացող Յորդանանը պիտի ճեղքուի եւ պիտի մտնէ «Աւետեաց Երկիրը»։ Այս մասին Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինձմով խաղաղութիւն պիտի ունենաք, աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, ես յաղթեցի աշխարհի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այս աշխարհի վրայ անխուսափելի է նեղութիւնը, բայց Յիսուս միշտ ներկա՛յ է եւ կը պահէ, կը պահպանէ մեզ, քանի որ Ան ասոր համար աշխարհ եկաւ։

Հաւատացեալը կ՚անցնի նաեւ նախատինքէ, երբեմն սխալ կը հասկցուի։ Հարցը լուծել կ՚ուզէ, զինք մտիկ ընող չ՚ըլլար։ Մինչեւ իսկ իր ընտանեկան պարագաները զինք չեն վԲարեւի տեղ անտարբերութիւն, հարցումի դէմ անպատասխան թողուլ, ժպիտի դէմ խոժոռ երես, որոնք կը վշտացնեն զինք։ Հո՛ս ալ ներկայ է Յիսուս եւ միշտ։ Ան կ՚ըսէ. «Ինծի ըրին, քեզի ալ պիտի ընեն». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 18-19)։ Խաչի փոխարէն թագ կայ, վարձք կայ. (ՄԱՏԹ. Ե 12)։

Եւ ո՜րքան դժուար է սիրելիի մը բաժանումը, օտար ափերու վրայ՝ ընտանիքի անդամները ցրուած ըլլան աշխարհի ամէն կողմերը եւ կամ մօտ ըլլան, բայց հոգեպէս հեռու մնան։

Եթէ Քրիստոսով ննջած է սիրելին՝ պէտք չէ՛ վհատիլ, քանի որ կարօտը ժամանակաւոր է. Սուրբ Հոգին կը մխիթարէ։

Կեանքը ճամբորդութիւն մըն է ծնունդէն գերեզման։ Ուստի, աղօթենք մեր զաւակներուն, թոռնիկներուն, բարեկամներուն եւ ամբողջ մարդկութեան համար։ Մարդուս կեանքը՝ կեանքի ճամբորդութիւնը իր աւարտին կը հասնի՝ ցաւերը, վիշտերը, հիւանդութիւնները, նեղութիւնները, փորձութիւնները, նախատանքները, սուգը՝ որոնք ժամանակաւոր են, կը վերջանան։ Եւ մարդուս խաւարը կը վերածուի լոյսի եւ վերջալոյսը՝ արշալոյսի՛։

Յիսուս մեզի հետ է միշտ եւ ներկա՛յ մեր մէջ՝ լուսաւորելու, մխիթարելու եւ առողջացնելու համար բոլորս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 23, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 25, 2025