ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԹԵՀՐԱՆ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան՝ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի հրաւէրին ընդառաջ։

Վերջին շրջանին Երեւան-Թեհրան առանցքը արտասովոր ձեւով բանուկ է։ Օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած փաստաթուղթերը պատճառ դարձած են Թեհրանի անհանգստութեան։ Այդ փաստաթուղթերու ստորագրումէն ի վեր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այցելութիւններ կը փոխանակուին։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան այցելած էր Թեհրան, իսկ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Երեւան։ Այժմ կը յաջորդէ Արմէն Գրիգորեանի Թեհրան ուղեւորութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են աշխատանքային հանդիպումներ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 29, 2025