ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ե­րէկ ժա­մադ­րուած էին Գում­գա­բուի մէջ՝ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­կից Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ։ Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գա­նա­տա­յի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեան, որ հիւ­րա­բար կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան եւ Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քեր­վան­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Գող­թան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յով­սէփ Գու­յում­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Կար­պիս Գը­լը­ճեա­նի։

Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հայ­րը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։ Հո­գե­հանգըս-տեան պաշ­տօ­նի ըն­թաց­քին ա­ղօթք կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Ան­գա­րա­յի ա­հա­բեկ­չա­կան վեր­ջին դէպ­քի զո­հե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րուն եւս նա­խա­գա­հեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը։ Ներ­կայ էին Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեան եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին գտնուե­ցան Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նա­տիա Թա­շէլ, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։ Ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Լեռ­նա Եա­ղեա­զա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն Մու­րատ Շի­րին։ Ար­տա­սա­նե­ցին Մայր վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն Հե­րա Աս­լան, Մա­րիա Համ­բար­ձու­մեան եւ Տիա­նա Չի­լին­կի­րեան։ Ա­շա­կերտ­նե­րը նաեւ խմբերգ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Յու­սիկ Սաք­մա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հուսկ բան­քով եւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը այս առ­թիւ շեշ­տեց, որ երկ­րի առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը պէտք է զգու­շա­ւոր, նրբան­կատ եւ հա­ւա­սա­րակշռուած ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­նան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շուրջ ար­տա­յայ­տուե­լու ժա­մա­նակ, մա­նա­ւանդ պէտք է խու­սա­փիլ հա­մայն­քին ա­նու­նով ընդ­հան­րա­ցում­ներ ը­նե­լէ։

Ե­րէ­կուան սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ գո­նէ Մայր վար­ժա­րա­նի կտրուած­քով մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ մա­տու­ցուին դրա­կան տուեալ­ներ։ Երբ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէ­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան հար­ցին շուրջ յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ, Գում­գա­բուի ըն­տա­նի­քը կրցած է նուա­զա­գոյն մա­կար­դա­կի հասց­նել Մայր վար­ժա­րա­նի պիւտ­ճէի բա­ցը, իր կալուած­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ ար­ժե­ւո­րե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ։ Գում­գա­բուի ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ սա լուրջ ձեռք­բե­րում մըն է։ Ե­րէ­կուան սի­րոյ սե­ղա­նի հան­գա­նա­կու­թիւ­նը լիու­լի բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լայ Մայր վար­ժա­րա­նի պիւտ­ճէի տա­րե­կան բա­ցը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու, իսկ ա­ւել­ցած լուրջ գու­մա­րը պի­տի յատ­կա­ցուի Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ տա­նի­քի անհ­րա­ժեշտ վե­րա­նո­րո­գու­թեան բազ­մա­ծախս ծրագ­րին։ Հե­տե­ւա­բար, Գում­գա­բուի ըն­տա­նի­քը այս տա­րուան սի­րոյ սե­ղա­նը եզ­րա­փա­կած է ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի լա­ւա­տես պայ­ման­նե­րով, ինչ որ ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մա­խումբ ու հե­ռա­տես նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնքն է։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2015