ՇՀԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ, ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՓԱՔԻՍՏԱՆ

Չինաստանի տանտիրութեամբ, Թիէնծին քաղաքին մէջ կազմակերպուած Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովն ու ՇՀԿ+ հաւաքը արդէն եզրափակուեցան։ Միջազգային գետնի վրայ վերջին օրերուն անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս գերաստիճանը, որու շրջանակներէն ներս ի յայտ եկաւ ուշագրաւ հակադրութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստան-Հնդկաստան եւ Ատրպէյճան-Փաքիստան բեւեռացումը թողուց իր հետքը ՇՀԿ-ի վերջին գագաթաժողովին վրայ։ Արդարեւ, Հայաստանի այս կազմակերպութեան անդամակցութեան հեռանկարին դէմ վեթօ դրուեցաւ Փաքիստանի կողմէ, իսկ Հնդկաստան օգտագործեց իր վեթոյի իրաւունքը՝ Ատրպէյճանի անդամակցութեան հեռանկարին դէմ։ Այս իրադարձութիւնը զոգւադիպեցաւ Երեւանի եւ Իսլամապատի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման իսկ օրերուն։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ՇՀԿ-ի անդամակցութեան համար երկիրը ունի բաւարար խրախուսանք։ 

ՇՀԿ-ի գագաթաժողովը եզրափակուեցաւ յայտարարութեամբ։ Այսպէս, ՇՀԿ-ի երկիրները արձանագրեցին, որ պետութիւններու ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասարութեան, փոխադարձ օգուտի, ներքին գործերուն չմիջամտելու, ուժի կամ անոր կիրառման սպառնալիքի չօգտագործման սկզբունքները միջազգային յարաբերութիւններու կայուն զարգացման հիմքը կը համարուին։ Միեւնոյն ժամանակ, անդամ երկիրները դատապարտեցին Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հարուածները։ Բաց աստի, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը կը փափաքի ընդլայնել ՇՀԿ-ի դերակատարութիւնը եւ այս ուղղութեամբ կը ծրագրուի ստեղծել զարգացման դրամատուն մը։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ եւս Թիէնծին մեկնած էր, երէկ ՇՀԿ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, ՇՀԿ+ հաւաքին ժամանակ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ՇՀԿ-ի գագաթաժողովը առիթ դարձած է, որպէսզի Փեքինի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ բարձրաձայնէ՝ նոր աշխարհակարգի մը հաստատման փափաքը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025