ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷ «3+3»Ը

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը իրերայաջորդ կ՚անդրադառնայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։ Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսաւ. «Պէտք է հետեւիլ, թէ ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուին Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւնները, փաստաթուղթին մէջ շատ բան համաձայնեցուած չէ»։

Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Սերկէյ Լաւրով պնդեց, որ պայմանագիրի նախաստորագրումէն յետոյ սկիզբ առած ոգեւորութիւնը այժմ փոխարինուած է կասկածամիտ գնահատականներով։ «Այդպիսի գործողութիւնները նման են արտաքին քաղաքականութեան այն ժանրին, որու պարագային անհրաժեշտ է ինչ-որ վառ բան ընել եւ այդ մէկը խաղարկել տեղեկատուական դաշտին մէջ։ Այդ մեթոտը կեանքի իրաւունք ունի, սակայն, եթէ անոր ոչինչ հետեւի, ապա եղածը կայծի պէս կ՚անցնի՝ մինչդեռ մենք հետաքրքրուած ենք, որ իրական խաղաղութիւն հաստատուի», ըսաւ Լաւրով։

Բաց աստի, ռուս նախարարը նշեց, որ իր երկիրը կողմնակից է Եւրոասիոյ մէջ համարկման գործընթացներու զարգացման՝ ներառեալ արեւմուտքի մասնակցութեամբ, սակայն, սա պէտք է ըլլայ լիովին ազնիւ։ «Խօսքը կը վերաբերի Եւրոասիոյ զանազան հատուածներէ ներս գործընթացներու չկրկնօրինակման։ Արդարեւ, անոնք պէտք է զիրար փոխլրացնեն, որպէսզի փոխադրութեան միջանցքներու նախագիծերը մշակուին՝ հաշուի առնելով ամենաօփտիմալ երթուղիները», շարունակեց ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով համոզուած է, թէ տակաւին պէտք է սպասել՝ տեսնելու համար, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրըւած խաղաղութեան համաձայնագիրը ինչպէս պիտի աշխատի։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, Լաւրով յիշեցուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու վերաբերեալ համաձայնութիւնները ծագած են Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ 2020-2022 թուականներու ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթերէն։ Հակառակ այս հանգամանքին, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը որոշած են խաղաղութեան համաձայնագիրը նախաստորագրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լաւրով աւելցուց, որ սա անոնց ինքնիշխան իրաւունքն է։ 

Ի լրումն այս բոլորին, Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած տարածաշրջանային խորհրդատուական «3+3» ձեւաչափով հարթակի վերագործարկման համար այժմ ճիշդ ժամանակն է։ Ան յիշեցուց, որ այդ հարթակը եղած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեան արդիւնքը։ «Մենք նախարարներու եւ փոխ-նախարարներու մակարդակով քանի մը հանդիպում ունեցած ենք։ Հիմա մենք կը կարծենք, թէ այդ ձեւաչափը վերականգնելու ճիշդ ժամանակն է։ Իրանի մեր գործընկերները կ՚աջակցին այդ գործընթացներուն, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ինչպէս արդէն ըսի, այդ հարթակի նախաձեռնողներն էին։ Այնպէս, որ յոյս ունիմ, թէ մօտակայ ժամանակներուն այդ ձեւաչափը կը վերականգնուի», եզրափակեց Սերկէյ Լաւրով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2025